Որոնել

Il Papa incontra 30 famiglie in un condominio a Palmarola

Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը` Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Փալմարոլա շրջանը ու զրուցեց ընտանիքներուն հետ

Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յարմարուելով համատիրութեան կարիքներուն, շէնքի մը տարածքին հանդիպեցաւ ու զրուցեց ընտանիքներուն հետ, որոնց շարքին նաեւ առանձին ապրող տարեցներ, անոնց հետ խօսելով «ընտանիքը պաշտպանելու» հարկաւորութեան մասին, ապա ինչպէս միշտ պատասխաններ տալով նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ Աղօթքի տարուան առիթով իր «աղօթքի դպրոցի» հանդիպումները եւ երէկ` Հինգշաբթի 6 Յունիսի կէսօրէն ետքը այցելեց Հռոմի Փալմարոլա շրջանի ժողովրդական արուարձանեային մէկ թաղամասը, այնտեղ հանդիպում ունենալով «Santa Brigida di Svezia» ժողովրդապետութեան հասարակութեան երեսուն ընտանիքներուն հետ։ Նորին Սրբութեան կ՜ընկերանար Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-Վերատեսուչ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան։

Այս եղաւ Նորին Սրբութեան երրորդ հանդիպումը` զոր մաս կը կազմէ Աղօթքի Տարուայ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ի պատրաստութիւն յառաջիկայ տարի նշուող Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն։

Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը
Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը

Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յարմարուելով համատիրութեան կարիքներուն, շէնքի մը տարածքին հանդիպեցաւ ու զրուցեց ընտանիքներուն հետ, որոնց շարքին նաեւ առանձին ապրող տարեցներ, անոնց հետ խօսելով «ընտանիքը պաշտպանելու» հարկաւորութեան մասին, ապա ինչպէս միշտ պատասխաններ տալով նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։

«Պաշտպանենք ընտանիքը, որ թթուածինն է երեխաներու աճումին համար»,- ընդգծեց Սրբազան Պապը. «Ընտանիքներուն մէջ եւս փոթորիկներ կան. Եթէ ծնողները կը վիճին, անիկայ բնական է, բայց անոնք հնարաւորութիւնն ունին խաղաղութիւն հաստատելու, քանի տակաւին օրը չէ աւարտած, քանի որ յաջորդ օրուայ սառ պատերազմը սարսափելի է» յարեց Քահանայապետը:

Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը
Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը

Ապա որոշ երիտասարդներուն, որոնք հարց տուին ինչպէս աճեցնել իրենց հաւատքը, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց որ միակ ուղին վկայութիւնն է։

«Դուք պատասխանատուութիւնն ունիք յառաջ տանելու պատմութիւնը։ Երիտասարդներուն յատուկ մէկ գեղեցիկ բանը այն է, թէ կը վերականգնին։ Բոլորս անկումներ ունինք կեանքին մէջ, բայց կարեւորը այն է` որ անկումին մէջ չմնանք երբ սայթաքինք» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Խօսուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մասին, որպէս անհատներու հասարակութիւն եւ ոչ միայն որպէս պաշտամունքի վայրեր։

«Եկեղեցին ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը կը սկսի հասարակութեան մէջ։ Ժողովրդապետութիւն մը, ուր մանուկները ունկնդրուած չեն, տարեցները ջնջուած են, իսկական քրիստոնէական հասարակութիւն մը չէ։ Պէտք չէք մոռնալ, որ տարեցները յիշողութիւնն են իսկ մանուկները խոստումը»։

Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը
Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը

Երկու հայրեր Սրբազան Պապին հարց տուին ինչպէս պահպանել հաւատքը այսպիսի դժուար ժամանակներու ընթացքին ու ինչպէս զաւակները աճեցնել հաւատքի լոյսին ներքոյ։

«Առաջին խորհուրդը իրար սիրելն է որպէս ծնողներ», որովհետեւ մանուկները պէտք է կարողանան զգալ «թէ հայրիկն ու մայրիկը իրար կը սիրեն։ Եթէ պիտի վիճաբանիք այդ մէկը զաւակներուն առջեւ մի ընէք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով նաեւ ծնողք - զաւակներ երկխօսութեան արժէքը, որովհետեւ «կրթութիւնը կը կատարուի երկխօսութեան միջոցաւ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը
Աղօթքի դպրոց ձեռնարկին երրորդ հանդիպումը

Յայատնենք, որ Նորին Սրբութիւնը անցեալ երկու հանդիպումներու ընթացքին զրուցած էր Սրբուհի Bernadette Soubirous ժողովրդապետութեան երիտասրադներուն հետ` 24 մայիսին, ուր խօսած էր «գոհաբանութեան աղօթքի» կարեւորութեան մասին, մինչ 11 ապրիլին հանդիպած էր Սուրբ Giovanni Maria Vianney ժողովրդապետութեան Առաջին Հաղորդութեան պատրաստուող մանուկներուն հետ։

Այս երրորդ հանդիպումը չաւարտած Ֆրանչիսկոս Պապը ընտանիքներուն բաժնեց վարդարաններ, ապա անոնց նուիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամն ու Մանուկ Յիսուսը ներկայացնող նկար մը, որ պիտի պահնապուի շէնքին մէջ, որպէս այս օրուայ հանդիպումին կարեւոր յիշատակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2024, 08:00