Որոնել

Հայր Լուիճի Փալիկ Հայր Լուիճի Փալիկ 

Եկեղեցին կ՝ունենայ երկու նոր երանելիներ

Եկեղեցին պիտի ունենայ Ալպանիոյ մէջ հաւատքի ատելութեամբ սպաննուած երկու նոր երանելիներ. Հայր Լուիճի Փալիկ եւ Հայր Կժոն Կազուլլի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 20 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն ու անոր արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու Սուրբերու դատի վերատեսչութեան հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներուն սրբասդասման դատի վերաբերող հրամանագիրերը։

Եկեղեցին պիտի ունենայ Ալպանիոյ մէջ հաւատքի ատելութեամբ սպաննուած երկու նոր երանելիներ. Հայր Լուիճի Փալիկ եւ Հայր Կժոն Կազուլլի։ Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Փալիկ, որպէս քահանայ անդամ էր Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան, ծնած էր՝ 20 փետրուար 1977 Քոզովոյի մէջ ու հաւատքի ատելութեամբ սպանուած է Ալպանիա՝ 7 մարտ 1913ին։

Աստուծոյ ծառայ Ճովաննի Կազուլլի։ Ան ծնած է Ալպանիա՝ 26 մարտ 1893ին։ Եղած է թեմական քահանայ ու հաւատքի ատելութեամբ սպաննուած Ալպանիա ՝ 5 մարտ 1927ին։

Աստուծոյ ծառայ Իսայիա Քոլումպօ։ Ան ծնած է, 11 փետրուար 1908ին, եւ որպէս քահանայ անդամ է Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան ու կեանքէն հեռացած է Իտալիոյ մէջ՝ 13 յուլիս 2004ին։

Աստուծոյ աղախին Մարիա Քոսթանցա Զաուլի։ Ան ծնած էր Իտալիա՝ 17 ապրիլ 1886ին, եւ որպէս կրօնաւորուհ իր կեանքը նուիրած է մերձաւորներուն, վախճանած է 28 ապրիլ 1954ին։

Աստուծոյ աղախին Աշէնսիոն Սաքրամենթօ Սանչեզ Սանչեզ։ Ան ծնած է Սպանիա՝ 15 յունիս 1911ին, եւ մահացած է 18 օգոստոս 1946ին, Սպանիոյ մէջ։

Աստուծոյ աղախին Վինչենցա Կուիլարլէ Ալոնսօ։ Կրօնաւորուհին անդամ է «Յիսուսի դուստրեր» միաբանութեան։ Ծնած է Սպանիա ՝ 21 յունուար 1879ին եւ մահացած է Պրազիլ 6 յուլիս 1960ին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2024, 13:20