Որոնել

Pope Francis leads Angelus prayer at the Vatican

Ողիմպիական Խաղերուն առիթով թող հաստատուի զինադադարը եւ դրսեւորուի խաղաղութեան անկեղծ կամքը. Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

«Չմոռնանք նահատակ Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանմարը եւ պատերազմի մէջ գտնուող շատ այլ երկիները» ըսաւ Սրբազան Պապը ու շեշտեց «չմոռնանք, չմոռնանք որ պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի` 21 Յուլիս 2024ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով աղօթքին առիթով իտալիայի զանազան վայրերէն ու աշխարհի տարբեր շրջաններէն Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, նախ յիշեց Փարիզի Ողիմպիական խաղերը, որոնք «սկիզբ պիտի առնեն այս շաբաթ» եւ այս առնչութեամբ հաստատեց, թէ «Մարզանքը նաեւ սոցիալական մեծ ուժ մըն է, որ կարող է խաղաղ կերպով միացնել տարբեր մշակոյթներու մարդիկ», ապա մաղթեց, որ «այս ձեռնարկը ըլլայ նշան` աւելի ներառող աշխարհի մը, զոր կ՛ուզենք կառուցել, ու մարզիկները իրենց մարզական վկայութեամբ ըլլան խաղաղութեան պատգամաւորներ եւ երիտասարդներուն համար տիպար»։

«Մասնաւորապէս, հին աւանդոյթի համաձայն, Ողիմպիական խաղերը առիթ են պատերազմներուն զինադադար հաստատելու՝ դրսևորելով խաղաղութեան անկեղծ կամք մը» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ողջունեց հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը, անգամ մը եւս հրաւիրելով աղօթելու խաղաղութեան համար։

«Չմոռնանք նահատակ Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանմարը եւ պատերազմի մէջ գտնուող շատ մը այլ երկիրները» յարեց Ան ու շեշտեց «չմոռնանք, չմոռնանք որ պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է»։

Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2024, 12:32