2024.07.28 Angelus

«Ոչ ըսենք տարեցներու մինակութեան. Զինավաճառը գայթակղութիւն է. Քահանայապետին կոչերը

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Եթովպիայի մէջ սողանքի զոհերը, անգամ մը եւս դատապարտելով զէնքերու արտադրութիւնն ու անոնց վաճառքը, այս մէկը որակելով գայթակղութիւնը զոր միջազգային հասարակութիւնը պէտք չէ հանդուրժէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, աղօթքս կը վստահեցնեմ Եթովպիայի հարաւային շրջանը հարուածող ահեղ սողանքի զոհերուն։ Մօտիկ եմ այդ շրջանի բնակչութեան, որ այդքան ցնցուած է ու անոնց, որոնք օգնութիւն կը մատուցեն». Ֆրանչիսկոս Պապ այս խօսքերով սկսաւ, Կիրակի 28 Յուլիսի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքը։

Զէնքերու վաճառը գայթակղութիւն է. Պատերազմը պարտութիւն է

Ան ապա աւելցուց, թէ «մինչ աշխարհի մէջ բազմաթիւ մարդիկ կը տառապին աղէտներու ու անօթութեան պատճառաւ, կը շարունակուին արտադրել եւ վաճառել զէնքեր ու կենսամիջոցներ այրել, բորբոքելով մեծ ու փոքր պատերազմներ»։

«Ասիկա գայթակղութիւն մըն է զոր միջազգային հասարակութիւնը պէտք չէ հանդուրժէ, եւ կը հակազդէ նոր սկսած Ողիմպիական Խաղերու եղբայրութեան ոգիին։ Չmոռնանք եղբայրներ եւ քոյրեր որ պատերազմը պարտութիւն մըն է». հաստատեց Քահանայապետը։

Ծերութեանս մէջ զիս մինակ մի թողուր

Ան ապա ակնարկեց Տարեցներու, մամիկ պապիկներու համաշխարհային օրուան, որուն այս տարուայ թեման է «ծերութեանս մէջ զիս մինակ մի թողուր» եւ ասկէ մեկնելով ընդգծեց, թէ տարեցներուն լքումը «դժբախտ իրականութիւն մըն է որուն պէտք չէ վարժուինք»։

«Անոնցմէ շատերուն համար, յատկապէս այս ամարային օրերու ընթացքին, վախ կայ որ առանձնութիւնը դառնայ անհանդուրժելի ծանր բեռ մը» նշեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով, որ «Այսօրուան Օրը մեզ կը կոչէ անսալու տարեցներու ձայնին, որ մեզի կ՛ըսէ. «Մի լքեր զիս», եւ պատասխանելու «չեմ լքեր քեզ»։

Ամրապդնել սերունդներու միջեւ դաշինքը

«Ամրապնդենք մամիկ պապիկներու ու թոռնիկներու միջեւ դաշինքը, դաշինքը երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ» յարեց հուսկ Քահանայապետը, հրաւիրելով «ո՛չ» ըսելու տարեցներու մենակութեան։ «Ոչ ըսենք տարեցներու առանձնութեան» կրկնեց Ան ընդգծելով7 որ «ապագան կախեալ է այն ձեւէն թէ ինչպէս մամիկ պապիկներն ու թոռնիկները կը սորվին ապրիլ միասին»։

Սրբազան Պապը անգամ մը եւս հրաւիրեց չմոռնալու տարեցները7 ծափահարութիւն խնդրելով բոլոր մամիկ պապիկներուն համար ապա ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ հրաժեշտ առնելով խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2024, 12:51