Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի փակման տարեդարձը` 25 Յուլիս 325
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր կը յիշատակուի պատմութեան մէջ առաջին տիեզերական ժողովին փակման տարեդարձը` Նիկիոյ ժողովը, որուն 1700 ամեակը կը զուգադիպի 2025ին` Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած Յոբելենական Տարւոյն։
Հաmաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող պատմութեան այս առաջին տիեզերական ժողովը գումարուեցաւ Նիկիոյ մէջ 325 թուականին Մեծն Կոստանդին կայսեր հրաւէրով եւ եկեղեցական պետերու առաջարկով, որուն հրաւիրուեցան մասնակցիլ հռոմէական հսկայական կայսրութեան տարածքին գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցւոյ 1800 բարձրաստիճան հոգեւորականներ, որոնցմէ, ըստ որոշ տուեալներու, իրենց մասնակցութիւնը բերին 318 գլխաւոր պատուիրակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին կարող էր ընկերանալ երկու քահանայ եւ երեք սարկաւագ։
Այդ ժողովին քննարկուեցան շարք մը վիճայարոյց նիւթեր, որոնց շարքին՝ արիոսականութեան հարցը, որ կը ժխտէ Քրիստոսի լիարժէք աստուածութիւնը , Զատկի թուականը, Եկեղեցւոյ կազմակերպումն ու կառուցուածքը, աղօթքի պահուն ծունկի գալու հարցը եւ այլն: Եւ Ժողովին ամենէն կարեւոր արդիւնքը եղաւ Հաւատամքի՝ քրիստոնէական հաւատքի հանգանակի ստեղծումը։
Ժողովին Հայ Եկեղեցին ներկայացուց Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին՝ Արիստակէսը:
Այս առնչութեամբ նշենք, թէ ի պատրաստութիւն եկող տարուայ յոբելեանին ու Նիկիոյ ժողովի տարեդարձի տօնախմբումին Ֆրանչիսկոս Պապը մի քանի անգամներ անդրադարձ կատարեց անոնց մասին, ինչպէս 25 Յունիս 2021ին Լուտերական համաշխարհային դաշնութեան ուղղած ճառին մէջ, ուր Ան հաստատեց, որ Նիկիական հաւատոյ հանգանակը «հաւատքի պարտադիր արտայայտութիւն է ոչ միայն կաթողիկէներուն եւ լուտերականներուն համար, այլ նաեւ օրթոտոքս եղբայրներուն ու բազմաթիւ այլ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար»։
Սրբազան Պապը հուսկ զայն որակեց «միասնական գանձ» եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր ուղղեց լաւապէս պատրաստուելու 2025ին յիշատակուող Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակին, որպէսզի «ան կարողանայ նոր սլացք տալ համամիութենական ուղեւորութեան»։
Նորին Սրբութիւնը 2022 թուականին եւս խօսած էր Նիկիոյ Ժողովի մասին «Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեսչութեան Լիագումար նիստին մասնակցող ժողովականներուն իր ուղղած ճառին մէջ հաստատելով, որ Նիկիոյ Ժողովին որոշումները պէտք է լուսաւորեն այսօրուայ համամիութենական ուղեւորութիւնը եւ հասունցնեն նոր շօշափելի քայլեր դէպի քրիստոնեաներու լիակատար միութիւնը։
Նշենք որ Նիկիոյ Ժողովին առիթով որդեգրուեցաւ հետեւեալ հաւատամքի հանգանակը.
«Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ, ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ միածին, այսինքն յԷութենէ Հօր։ Աստուած յԱստուծոյ, լոյսի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ