Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Լամբետուզա կղզիին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Լամբետուզա կղզիին մէջ  (ANSA)

Այսօր կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին, որպէս Քահանայապետ առաջին հովուական այցելութեան 11րդ տարեդարձը

11 տարիներ առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ որպէս քահանայապետ ուզեց իր առաջին հովուական այցելութիւնը կատարել Իտալիոյ Լամբետուզա կղզի, հանիդպելու համար հոն ապաստան գտած են Ափրիկէէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն փախուստ տուող փախստականներուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 8 յուլիսին, կը յիշատակուի, Ֆրանչիսկոս Պապին, Քահանայապետ ընտրուելէ վերջ կատարած առաջին առաքելական այցելութեան տարեդարձը։ Սրբազան Հայրը իր առաջին հովուական այցելութիւնը կատարելով Իտալիոյ Լամբետուզա կղզի՝ հանդիպեցաւ այնտեղ ապաստան գտող գաղթականներուն հետ եւ կոչ ուղղեց օգնութեան հասնելու փախստականներուն եւ աղքատներուն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2013ին, յուլիս 8-ին, հովուական այցելութիւն մը կատարեց Լամբետուզայի կղզիին, հանդիպելու համար այնտեղ ապաստան գտած գաղթականներուն եւ կոչ ուղղելու համայն աշխարհին` օգնութեան հասնելու հարստահարուածներուն, փախստականներուն ու բոլոր անոնց որոնք զանազան պատճառներու համար կը թողուն իրենց մայրենի հողը` այլուր փնտռելու համար աւելի լաւ ապագայ մը։ Վերոյիշեալ այցելութեամբ Նորին սրբութիւնը ուզեց նաեւ յիշատակել ու աղօթել բոլոր այն այրերուն ու կիներուն դիտաւորութեան որոնք չկարողացան հասնիլ իրենց նպատակակէտին եւ յոյսի ուղեւորութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Այցելութեան ընաթցքին Սրբազան Քահանայապետը միջերկրական ծովու ջուրերուն յանձնեց ծաղկեփունջ մը ի յիշատակ այդ ջուրերուն մէջ մահացած հազարաւոր անհատներուն ու ապա կղզիի բացօթեայ տարածքի վրայ մատոյց սուրբ պատարագի զոհը որուն մասնակցեցան տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ ու գաղթականներ որոնց շարքին նաեւ մահմետականներ։

Սուրբ զոհի ընթացքին Նորին Սրբութեան օգտագործուած եկեղեցական սպասները եւ հովուական գաւազանը, իրագործուած են գաղթականներու նաւերէն առնուած տախտակներէն։

Ներգաղթի, փախստականութեան ու մարդավաճառութեան հարցերը եղած են ֆրանչիսկոս Պապի մտահոգութիւններէն մին։ Արդարեւ Ան իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք Սուրբ Զատկուայ պատգամին մէջ մարդավաճառութիւնը ընդգծած էր որպէս «20րդ դարու ամէնէն տարածուած ստրկութիւնը»։ Ան յաճախ դատապարտած է «ստրկացնող աշխատանքը»' մեղադրելով աշխարհի մէջ միլիոնաւոր անհատներու արժանապատուութեան ''ոտնահարումը'', աշխարհի մը մէջ ուր աւաղ շատ անգամ - ըսած էր Քահանայապետը - «դրամն է որ կը գերիշխէ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2024, 10:13