Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց նոր կանոններ Սուրբ Պետրոս տաճարին հոգ տանող հոգեւոր մարմնի կանոնագիրքին մէջ

29 յունիսին, Հրապարակուեցաւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին հոգ տանող կղերականներէ կազմուած մարմնի կանոնագիրքի, ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սահմանուած նոր կանոնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով մը հաստատեց, Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ ծիսական եւ Սուրբ Խորհուրդներու արարողութիւններու պատասխանատու կղերականներէ կազմուած հոգեւոր մարմնի կանոնագիրքի նոր կանոններ՝ ոգեշնչուած «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութենէ։ Հրապարակուեցաւ նաեւ Սուրբ Պետրոս Տաճարի գործարանի կանոնագիրքի նոր կանոնները։

«Սուրբ Պետրոսի տաճարը կառուցուած է Առաքեալներուն դամբարաններու վրայ եւ կառավարուած կղերականներէ կազմուած մարմնի մը կողմէ, որոնց պարտականութիւնն է հոգ տանիլ տաճարին գեղեցկութեան ու նպաստել անոր հոգեւոր, հովուական ծառայութեան եւ բարեգործական, մշակութային կեանքին, գրած է Սրբազան Հայրը ինքնագիր նամակին սկիզբը աւելցնելով, որ «Սուրբ Պետրոս տաճարին հոգ տանող կղերականներէ կազմուած մարմնի անդամներուն ծառայութիւնը յատուկէն ուղղուած է ուխտաւորներուն, որոնք ոգեւորուած հոգեւոր ջերմեռանդութենէն տաճար կ՝երթան հաստատելու համար իրենց հաւատքը Առաքեալին խոստովանութեան վայրի մէջ ու այդ ծառայութիւնները ուղղուած են տարբեր կրօններուն եւ մշակոյթներու պատկանող այցելուներուն՝ հետաքրքրուած  Վատիկանի տաճարին մէջ պահուած գեղարուեստական եւ ճարտարապետական գեղեցկութիւններէն ու անոնցմէ
բխած քրիստոնէական պատգամէն»։

Ինքնագիր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ, թէ մինչեւ նոր կանոններուն ուժի մէջ մտնելը, առանց ժամկէտներուն նշանակուած Սուրբ Պետրոսի տաճարի հոգ տանող կղերական դասի բոլոր անդամները, որոնք կը լրացնեն ութսուն տարեկանը կը ստանձնեն պատուաւոր եւ օգնական անդամներու կարգավիճակը ու ազտուած կ՝ըլլան իրենց ծառայութեան պարտականութիւններէն, չեն մասնակցիր ժողովներուն եւ չեն ստանար որեւէ վարձք՝ սակայն կը պահպանելն իրենց տիտղոսը եւ իւրայատուկ հագուստները ու կրնան մասնակցիլ կանոնադրութեան համաձայն տաճարին մէջ նշուած ծիսական արարողութիւններուն, հովուական ծառայութեան գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ օգտուիլ Վատիկանի մատրան մէջ թաղումէն։

Ինքնագիր նամակի երկրորդ կէտին մէջ կը հաստատուի որ մինչեւ նոր հրամանագիրի ուժի մէջ մտնելը նշանակուած օգնականները կը ծառայեն մինչեւ ութսուն տարեկան բոլորումը՝ եթէ այլ բան նախատեսուած չէ բարձրագոյն մարմնի կողմէ ՝առանց ստանալու սահմանուած վճարում, սակայն մատուցուած ծառայութեան համար յաճախելիութեան վճար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2024, 11:58