Որոնել

2024.06.26 Udienza Generale

Չորեքշաբթի օրերու հրապարակային ունկնդրութիւնները կը վերսկսին օգոտոսի եօթին

Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը հաղորդած էր որ Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած կը նկատուին Քահանայապետին ունկնդրութիւնները, ըլլան անոնք հրապարակային, առանձնական կամ յատուկ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յուլիս ամսուայ ընթացքին սորովութեան համաձայն դադրեցան Քահանայապետական պաշտօնական ունկնդրութիւնները ներառաել չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնք կը վերսկսին յառջաիկայ եօթը օգոտսոսին։

Ինչպէս ժամանակին յայտնած էինք այս հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններուն սովորութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով 1975-էն սկսեալ։ Անոնք  հրապարակային կամ ընդհանուր կը կոչուին՝ որովհետեւ անոնց կարող են մասնակցիլ բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ համախմբումին։

Սկզբնական շրջանին հրապարակային ընդհանրական ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենար Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։

1975-ի Սուրբ Տարուան առթիւ, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոս հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կատարուեցան հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի ունեցան ու կը շարունակուին այսօր եւս տեղի ունենալ «Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Դահլիճին մէջ», զոր երջանկայիշատակ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը զայն կառուցել տուած էր ճիշդ այս դիտաւորութեամբ։

Ունկնդրութիւններուն կարող են ազատ ու ձրիօրէն մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները, որոնք ունկնդրութեան սկիզբը առիթը կ՛ունենան մօտէն տեսնելու Քահանայապետը, որ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կը կատարէ «Սուրբ Պետրոս» հրապարակին, կամ Ներվի սրահին մէջ, քալելով կ՛անցնի անոնց միջեւ, օրհնելով ծերունիներն ու մանուկները։

Հրապարակային ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն աւետարանական հատուածի մը ընթերցանութեամբ, զոր կը կատարուի տարբեր լեզուներով, որմէ ետքը Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ որոշ նիւթի մասին մտածական մը, զոր հակիրճ թարգմանութեամբ կը ներկայացուի նաեւ այլ լեզուներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2024, 12:34