«Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» հաստատութիւնը քահանայապետական գործունէութիւն է եւ բաց է ողջ եկեղեցւոյ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յուլիս մէկին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» Վատիկանեան հիմնարկի նոր կանոնադրութիւնը կը հաստատէ Յիսուսեան միաբանութեան կողմէ ծնուած եւ Յիսուսեաններու վստահուած նախաձեռնութեան տիեզերական հարթակի բաց ըլլալը ու զայն կը դնէ աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ծառայութեան տակ։ Համեմատելով 2020 թուականին կանոնադրութեան հետ, Նոր կանոնադրութիւնը համաձայն Տնտեսութեան քարտուղարութիւնը կը դառնայ վերջնական հաշուեկշիռներուն պատասխանատու, որ նախապէս վստահուած էր Պետական քարտուղարութեան։
1844 թուականէն Յիսուսեաններու կողմէ կազմաւորուած նախաձեռնութիւն
Ըստ նոր կանոնադրութեան, Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց հաստատութիւնը ձեւաւորուած էր 1844ին, Ֆրանսային մէջ ծնած աղօթքի առաքելութեան սկզբնական նախաձեռնութենէն, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ֆրանսուայ Քսավիէի կողմէ եւ նախապէս ուղղուած էր երիտասարդներուն վերապատրաստման ժամանակը։
Յիշեալ ձեռնարկը արագօրէն աճելով որպէս աղօթքի առաքելութիւն եկեղեցւոյ առաքելութեան, հասանելի դարձած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ շուրջ 13 միլիոն անդամներուն։ Տարիներու հոլովոյթին, տարբեր կանոնադրութիւններու միջոցաւ, աղօթքի առաքելութիւնը միշտ աւելիով դարձած է Սուրբ Աթոռի ծառայութիւնը ի մօտիկութիւնը քահանայապետին աղօթքի դիտաւորութիւններուն։
Վատիկանեան հիմնարկ կը դառնայ է 2020ին
Ի շարունակութիւն նախորդներուն, ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց, որ այս Նորին Սրբութեան աղօթքի միջոցաւ ծառայութիւնը դառնայ Քահանայապետական գործունէութիւնը հիմնելով 17 նոյեմբեր 2020ին, «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» Վատիկանեան հաստատութիւնը, որ այժմ ներկայ է 89 երկիրներու մէջ եւ ներգրաւուած է աւելի քան 22 միլիոն կաթողիկէներէն բաղկացած Ցանցի մէջ, թեմեր եւ երկիրները որոնք աղօթքը կ՝ընդունին որպէս առաքելութեան ձեւ եւ մասնաւորապէս Նորին Սրբութեան կողմէ եկեղեցւոյ առաջարկած ամիսներուն աղօթքի դիտաւորութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ