Ֆրանչիսկոս Պապ. Յուլիս ամիսը աղօթենք հիւանդներու հոգեւոր օգնութեան համար

«Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» քահանայապետական հաստատութիւնը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։ Քահանայապետը կը խնդրէ, որ յուլիս ամիսը աղօթենք վերջին օծումի խորհուրդին դիտաւորութեան դիտել տալով, որ այդ խորհուրդը միայն մահուան եզրին գտնուող անձերուն խորհուրդ մը չէ, այլ հիւանդ անձի բժշկութեան եւ խնամքի խորհուրդներէն մէկն է ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 2 յուլիսին, Հրապարակուեցաւ յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին տեսերիզը։ Այս առնչութեամբ «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» քահանայապետական հաստատութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Ֆրանչիսկոս Պապ յուլիս ամսուան ընթացքին կ՝աղօթէ, որպէսզի վերջին օծումի խորհուրդը միշտ դառնայ «կարեկցանքի եւ յոյս նշան»։

Լոս Անճելըսի թեմի հետ համագործակցութեամբ իրականացուած լսատեսողական պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը կը դնէ այն իրողութեան վրայ, որ վերջին օծումը «միայն խորհուրդ մը չէ անոնց համար, որոնք կը գտնուին մահուան եզրին» ու կը պարզաբանէ որ դա «բժշկութեան եւ խնամքի խորհուրդներէն մէկն է, որ կը բուժէ հոգին»։

Լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝ըսէ.

“«Այս ամիս աղօթենք վերջին օծումի խորհուրդի հովուական ծառայութեան համար։ Վերջին օծումը խորհուրդ մը չէ միայն անոնց համար, որոնք կը գտնուին մահուան եզրին։ Ո՛չ։ Կարեւոր է որ սա յստակ ըլլայ։ Երբ՝ քահանայ մը կը մօտենայ անձի մը՝ վերջին օծումը մատակարարելու համար, ան անպայման չ՝օգներ անոր կեանքէն հրաժեշտ առնելու համար։ Այսպէս մտածելը կը նշանակէ հրաժարիլ որեւէ յոյսէ։ Սա նախատեսել է, որ քահանայէն ետք մեռելաթաղը պիտի գայ։ Յ իշենք, որ հիւանդի վերջին օծումը բուժումի, խնամքի խորհուրդներէն մէկն է, որ հոգին կը բուժէ։ Եւ երբ՝ անձ մը շատ հիւանդ է, նպատակայարմար է անոր վերջին օծումը տալ։ Եւ երբ՝ անձ մը տարեց է լաւ կ՝ըլլայ, որ ան ստանայ վերջին օծումի խորհուրդը։ Աղօթենք, որպէսզի հիւանդներուն վերջին օծումի խորհուրդը շնորհէ Տիրոջ ուժը խորհուրդը ստացող անձերուն ու անոնց սիրելիներուն եւ միշտ բոլորին համար դառնայ կարեկցութեան եւ յոյսի տեսանելի նշան»։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2024, 16:00