Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն փառաբանութեան աղօթք
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Աղօթենք քաղաքական առաջնորդներուն համար` որպէսզի աշխատին ի ծառայութիւն հասարակաց բարիքին

Ֆրանչիսկոս Պապին Օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Աղօթենք, որպէսզի քաղաքական առաջնորդները ծառայեն իրենց ժողովուրդին՝ աշխատելով մարդկային համապարփակ զարգացման և ընդհանուր բարօրութեան համար՝ հոգ տանելով անոր` որ աշխատանքը կորսնցուց եւ առաջնութիւն տալով ամենաաղքատներուն»։ Ահա այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2024ի Օգոստոս ամսուան համար ընտրած աղօթքի դիտաւորութիւնը, որուն լսատեսողական պատգամը հրատարակուեցաւ այսօր` 30 Յուլիս 2024ին եւ տարածուեցաւ «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային Ցանցին» կողմէ

Քաղաքականութիւնը սիրոյ ամենամեծ ու վեհանձն ձեւերէն մին է, որովհետեւ կը փնտռէ հասարակաց բարիքը

Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը կը նշէ, թէ այսօր քաղաքականութիւնը լաւ համբաւ չունի` կաշառակերութիւն, գայթակղութիւններ, հեռու է մարդոց առօրեայ կեանքէն։ Ան ապա հարց կու տայ «Կարո՞ղ ենք յառաջանալ դէպի տիեզերական եղբայրութիւնը առանց բարի ու լաւ քաղաքականութեան», պատասխանելով «Ոչ» եւ մէջբերելով Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետին խօսքերը, թէ «քաղաքականութիւնը սիրոյ ամենամեծ ու վեհանձն ձեւերէն մին է, որովհետեւ կը փնտռէ հասարակաց բարիքը»։

Մեծատառ «Ք» ով քաղաքականութիւնը

«Ես կը խօսիմ մեծատառ «Ք» ով քաղաքականութեան մասին, եւ ոչ թէ քաղաքականութենէ չհասկցող գործիչներու քաղաքականութեան մասին: Խօսքս իրականութիւնը լսող քաղաքականութեան մասին է, որ աղքատներու ծառայութեան ի սպաս է, եւ ոչ թէ երկար միջանցքներով մեծ շէնքերուն մէջ փակուած քաղաքականութիւնը։ Խօսքս այն քաղաքականութեան մասին է, որ կը մտահոգուի գործազուրկներով և լաւ գիտէ, թէ որքան տխուր կարող է ըլլալ կիրակի օրը, երբ երկուշաբթին ալ առանց աշխատանքի օր մըն է» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը ու կ՛աւելցնէ. «Եթէ ​​այսպէս դիտենք` քաղաքականութիւնը շատ աւելի վեհ է, քան ինչպէս կը թուայ» եւ ասկէ մեկնելով կը թելադրէ «շնորհակալութիւն յայտնել բազմաթիւ քաղաքական գործիչներուն, որոնք իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն ոչ թէ իշխանութեան, այլ ծառայութեան ոգիով, անոնց հասարակաց բարիքին ի սպաս բոլոր ջանքերուն համար»։

Աղօթենք որպէսզի քաղաքական առաջնորդները ծառայեն իրենց ժողովրդին

Նորին Սրբութիւնը լսատեսողական պատգամը կ՛աւարտէ խնդրելով աղօթել «որպէսզի քաղաքական առաջնորդները ծառայեն իրենց ժողովրդին՝ աշխատելով մարդկային համապարփակ զարգացման և ընդհանուր բարօրութեան համար՝ հոգ տանելով անոր, որ աշխատանքը կորսնցուց եւ առաջնութիւն տալով ամենաաղքատներուն»

Քահանայապետի վերոնշեալ խօսքերէն ի յայտ կու գայ այն տարածուած համոզումը, թէ քաղաքականութիւնը «կեղտոտ» գործ է, եւ անոնք որոնք քաղաքականութեամբ կը զբաղին այդ կ՜ընեն իրենց անձնական շահերուն ու իշխանութեան ձգտելու միտումով։ Բայց շարունակելով ունկնդրել Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը կը հասկնանք, թէ ան բոլորին կ՛ուզէ յիշեցնել քաղաքականութեան կոչումը` գլխագիր «Ք»ով քաղաքականութիւնը, որ պէտք է ըլլայ ի ծառայութիւն մարդոց ու մանաւանդ աղքատներուն։

Տիեզերական եղբայրութիւնը

«Մենք բոլորս կարիքը ունինք լաւ քաղաքականութեան եթէ կ՛ուզենք յառաջանալ դէպի տիեզերական եղբայրութիւնը» կը հաստատէ Քահանայապետը զանազանութիւններ դնելով իսկական ու արհեստական քաղաքականութեան միջեւ` ընդգծելով թէ լաւ քաղաքականութիւնը «պալատներու մէջ թաքնուած քաղաքականութիւնը չէ, այլ անիկայ է, որ գիտէ ունկնդրել եւ ի ծառայութիւն է աղքատներուն»

«Քաղաքական դասը մեր գործողութիւններու արդիւնքն է։ Փոխանակ շարունակելու զանոնք վարկաբեկել մեր խօսքերով և մտքերով, օգնենք անոնց որ դառնան մեր ցանկացած տղամարդիկն և կանայքը, աղօթելով իրենց համար ինչպէս մեզ կը հրաւիրէ Ֆրանչիսկոս Պապը» կը գրէ Յիսուսեան Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոսը «Քահանայապետը Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցին» տնօրէնը, մեկնաբանելով Սրբազան Պապին օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2024, 16:00
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031