Որոնել

FILE PHOTO: Paris 2024 Olympics Preview

Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն առիթով զինադադարի սկիզբի նուիրուած պատարագ եւ Քահանայապետական պատգամ

«Մարզանքը համընդհանուր լեզու է, որ կը գերազանցէ սահմանները, լեզուները, ցեղերը, ազգութիւնները և կրօնները. ան ունի մարդիկը միաւորելու, երկխօսութիւն և փոխադարձ ընդունելութեան խթանման կարողութիւն. Ան կը խթանէ ինքնակատարելագործումը, կը մարզէ զոհաբերութեան ոգին, կը խթանէ հաւատարմութիւնը միջանձնային յարաբերութիւններուն մէջ։ Մեզ կը հրաւիրէ ճանաչելու մեր սեփական սահմանները և ուրիշներուն արժէքը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ 19 Յուլիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 10ին Փարիզի «Madeleine» ի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ Փարիզի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերու զինադադարի սկիզբին առիթով, որ առաջարկուած է Ֆրանսիայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի, Փարիզի արքեպիսկոպոսութեան և Holy Games խումբի կողմէ:

Սուրբ Զոհը գլխաւորեց  Ֆրանսայի մէջ Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորէ, ու անոր հետ  համապատարագեցին Փարիզի Թեմին առաջնորդ` Գերապայծառ Լորան Ուրլիք եւ Ողիմպիական և պարալիմպիկ խաղերու համար Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի պատուիրակ` գերապայծառ Էմմանուէլ Կոպիեար։ Սուրբ Զոհին ներկայ  գտնուեցան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ` Թոմաս Պախը, դիւանագէտներ և մարզանքի հերոսներ։

Ողիմպիական զինադադարը, որուն ի նպաստ քուէարկում կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ, կը սկսի 26 Յուլիս 2024ին նախատեսուած խաղերու բացման արարողութիւնէն մէկ շաբաթ առաջ և կ՛աւարտի 8 սեպտեմբեր 2024ին նախատեսուած պարալիմփիկ խաղերու աւարտէն մէկ շաբաթ ետքը:

Սրբազան Պապին պատգամը

Վերոնշեալ Սուրբ Պատարագին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը` Գերապ. Լորան Ուրլիքին ուղարկած պատգամով մը ուզեց մասնակից դառնալ արարողութեան, եւ պատգամին սկիզբը Ան  Տիրոջմէ հայցեց` որ «իր շնորհքներով լեցնէ բոլոր անոնք, որոնք կը մասնակցին ողիմպիական խաղերուն` ըլլան մարզիկներ, ըլլան հանդիսատեսներ»։

Նախ բանալ սրտին դռները

«Ես գիտեմ, որ քրիստոնեայ համայնքները կը պատրաստուին լայնօրէն բանալու իրենց եկեղեցիներու, իրենց դպրոցներու, իրենց տուներու դռները: Ամէնէն առաջ սակայն թող անոնք բանան իրենց սրտին դռները, բոլորի հիւրընկալութեան ձրիութեան ու առատաձեռնութեան միջոցաւ վկայելով Քրիստոսը» գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ գնահատելով յատկապէս այն յատուկ ուշադրութիւնը որ վերապահուեցաւ «ամենախոցելի մարդկանց» անոնց հնարաւորութիւն ընծայելով մասնակցիլ տօնախմբութեան։

Եղբայրական ներդաշնակութեան հիանալի հնարաւորութիւն

Սրբազան Պապը ապա յոյս յայտնեց, որ «Այս խաղերու կազմակերպումը Ֆրանսիայի ողջ ժողովրդին համար ըլլայ եղբայրական ներդաշնակութեան հիանալի հնարաւորութիւն, որ «տարբերութիւններէն և հակառակութիւններէն անդին թոյլ տայ ամրապնդել ազգի միասնութիւնը»:

Մարզանքը համընդհանուր լեզու

Մարզանքը համընդհանուր լեզու է, որ կը գերազանցէ սահմանները, լեզուները, ցեղերը, ազգութիւնները և կրօնները. ան ունի մարդիկը միաւորելու, երկխօսութիւն և փոխադարձ ընդունելութեան խթանման կարողութիւն. Ան կը խթանէ ինքնակատարելագործումը, կը մարզէ զոհաբերութեան ոգին, կը խթանէ հաւատարմութիւնը միջանձնային յարաբերութիւններուն մէջ։ Մեզ կը հրաւիրէ ճանաչելու մեր սեփական սահմանները և ուրիշներուն արժէքը» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Եթէ Ողիմպիական խաղերը, մնան իսկապէս «խաղեր», կարող են ըլլալ մարդկանց հանդիպման բացառիկ վայր»:

Եղբայրութեան ոգին

«Հինգ միահիւսուած օղակները կը ներկայացնեն եղբայրութեան այս ոգին, որ պէտք է բնութագրէ ողիմպիական իրադարձութիւնը և ընդհանրապէս մարզական մրցումները» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով` որ «Փարիզի Ողիմպիական խաղերը ըլլան հնարաւորութիւն կոտրելու նախապաշարմունքները, յարգանք ստեղծելու այնտեղ, որտեղ կան արհամարհանքն ու անվստահութիւն, բարեկամութիւն` այնտեղ ուր կայ ատելութիւն» որովհետեւ «Ողիմպիական խաղերը իրենց բնոյթով խաղաղութիւն կը բերեն եւ ոչ թէ պատերազմ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աստուած լուսաւորէ խղճերը

«Այս անհանգիստ ժամանակաշրջանին մէջ, երբ համաշխարհային խաղաղութիւնը լրջօրէն վտանգուած է, ես ջերմօրէն կը յուսամ, որ բոլորը ցանկանան յարգել այս զինադադարը՝ հակամարտութիւններու կարգաւորման և ներդաշնակութեան վերադարձի յոյսով» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին հայցելով որ «Աստուած ողորմէ մեզի...լուսաւորէ իշխանութիւն ունեցողներուն խիղճը... եւ խաղաղարարներուն յաջողութիւն պարգեւէ իրենց ջանքերուն մէջ և օրհնէ զանոնք»։

Սրբազան Պապը պատգամը կ՛եզրափակէ իր Առաքելական Օրհնութիւնները հաւաստիացնելով բոլորին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2024, 11:22