Ֆրանչիսկոս Պապ « Ի տես ժամանակակից կացութեան հրատապ է նպաստել խաղաղութեան»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորագիր մը յղեց «Աստուածամօր կանոնաւոր հոգեւորականներուն կարգ» միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, հայր Անթոնիօ Փիքքոլիյին, Յաւիտենական քաղաքի պաշտպան «Santa Maria in Portico - Romanae Portus Securitatis», սրբապատկերին հանդէպ ջերմեռանդութեան 1500 ամեակի կապակցութեամբ։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելով ու ապահովելով իր աղօթքը միաբանութեան անդամներուն ակնարկեց սրբապատկերին հանդէպ ծնած ջերմեռանդութեան պատմութեան.
524ին թուականին Տիրամայրը երեւցաւ Սրբուհի Կալլայի տան մէջ
«Հռոմի Քամփիթելլի շրջանին գաւիթէն ներս, «Santa Maria » Աստուածամօր ջերմեռանդութիւնը ծնաւ 17 յուլիս 524ին՝ Հռոմի մէջ Սրբուհի Կալլայի բնակարանէն ներս Տիրամօր հրաշափառ երեւումէն ետք, Սուրբ Յովհաննէս Ա քահանայապետին ներկայութեամբ։ Այդ օրունէ ետք, «Portico» գաւիթը դարձաւ՝ ուր Սրբուհի Կալլան կ՝ընդունէր աղքատներն ու ուխտաւորները Տիրամօր սրբավայրը եւ բարեսիրական օճախ» գրեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց միաբանութեան անդամները շարունակելու խթանել աղքատներուն եւ վերջիններուն հիւրընկալութեան արժէքը...
Քահայանայապետը կը խնդրէ աղօթել եւ դառնալ խաղաղութեան կառուցողներ
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ Տիրամայրը յայտնուեցաւ եկեղեցւոյ համար յատուկ դժուար ժամանակին, տարածելով իր վերարկուն Սուրբ Յովհաննէս Ա Պապին վրայ, որ տառապեցաւ եւ մահացաւ խաղաղութեան համար՝ առանց ուրանալու հաւատքը, պատանդ դառնալով քաղաքական դաւադրութիւններուն եւ եղբայրասպան պատերազմներուն, հրաւիրեց հայցել խաղաղութիւն եւ դառնալ խաղաղութեան կառուցողները նախ եւ առաջ հասարակութեան մէջ ու յորդորեց նայելու Աստուածմօր, որպէս մխիթարութեան եւ վստահ յոյսի նշան...
«Տիրամայրը միշտ մեզի Իր Որդին կու տայ, որպէս միակ համերաշխութեան, փրկութեան յոյսի աղբիւր, խաղաղութեան համար ճանապարհ, մարդկային հետազօտութեան բացարձակ հրամայական» նշեց Սրբազան Հայրը, աւելցնելով դեղագործ Սուրբ Յովհաննէս Լեփոլտին, հիմնեց «Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեփոխուած քահանաներու միաբանութիւնը, ճիշդ եկեկեցիին տալու համար սկզբնական առաքեալներուն փայլը։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՝աւարտէ ապահովելով իր աղօթքը եւ փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը
Ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Յովհաննէս Լեոնարտին, որ իր աւետարանումին աշխատանքներու մէջ գրած է նաեւ Քահանայապետական Փրոփականտա Ֆիտէ վարժարանի առաջին սահմանադրութիւնները՝ կազմաւորելու համար միսիոնարներ որոնք կարող են դիմակայել ժամանակի միսիոնարական մարտահրաւէրները։ Քահանայապետը քաջալերեց միշտ ի սիրտ ունենալու կրօնաւորներու համապարփակ կազմաւորումը... ու նայելով Քրիստոսի առաքելուհի Տիրամօր, եկեղցեւոյ Մօր, « ձեր առալելութիւնը թող շնորհքի ալիք դառնայ, յատուկէն աւետարանը հռչակելու միջոց»։
Ֆրանչիսկոս Պապ այս մաղթանքներով եզրափակեց իր ուղերձը, յանձնելով միաբանութեան անդամները Տիրամօր բարեխօսութեան, որ անուանուած է որպէս Romanae Portus Securitatis, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Լեոնարտիին։ Շնորհելով ապա իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ