5 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ «Մարիա Մաճորէ« Տաճար, «Ձիւնի Տիրամայր» տօնին առիթով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 5 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ հռոմի Տիրամօր նուիրուած «Սանթա Մարիա Մաճորէ» տաճար, ուր նախապէս տարիներու ընթացքին այցելած է աւելի քան հարիւր անգամ։
Տաճարին մէջ Քահանայապետը պիտի նախագահէ տաճարին Նուիրագործման տարեդարձին եւ «Ձիւնի Տիրամօր» նուիրուած հանդիսաւոր ժամասացութեան արարողութեան։
Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէին ժամը 5,30ին, ապա պիտի ոգեկոչուի Հռոմի մէջ տեղի ունեցած ձիւնի հրաշափառ իրադարձութիւնը։
Տօնին նախապատրաստման երեք օրերը
«Մարիա Մաճորէ» տաճարի նուիրագործման եւ «Ձիւնի Տիրամայր» տօնին նախորդող երեք օրերուն առաւօտեան տաճարին մէջ կը մատուցուի սուրբ Պատարագ, ձեռամբ Մշակոյթի, կրթութեան վերատեսչութեան, քարտուղար արք Ճովաննի Չէզարէ Փակացի եւ Գերապայծառ Նուցիօ Կալանթինոյի։
Իսկ՝ Շաբաթ օրը երեկոյեան ժամը վեցին Արք Փիերօ Մարինիի նախագահութեամբ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ