Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ ամառնային ճամբարի մասնակցող մանուկներուն հետ. Ամենագեղեցիկ բանը խաղաղութիւնն է
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 18 Յուլիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Վատիկանի աշխատաւորներու զաւակներուն համար տրամադրուած ամառնային ճամբարի մասնակցող մանուկներն ու անոնցմով զբաղող կամաւորները։
Ճամբարը հերթական կերպով կազմակերպուած է Վատիկան Քաղաքի Կառավարութեան կողմէ այս տարուայ, որպէս բնաբան ունենալով «Թափառաշրջիկ Ասպետներ» կարգախօսը, որ կը յատկանշէ պատանիները ուղեւորութեան մէջ դնելու իրականութիւնը, որպէս նպատակ ունենալով յաղթահարել առօրեայի մարտահրաւէրները եւ իրականացնել երազներ ու նպատակներ։
Ճամբարին կազմակերպիչներուն առաքելութիւնը ունի երկու նպատակ` նախ ժամանցը, խաղերը, հանդիպիլ ու ուղեւորութեան մէջ դնել իւրաքանչիւրը դէպի երազներու իրականացում, ջանալով հասկնալ ինչպէս դիմագրաւել խոչընդոտները։ Ապա, մեկնելով Սուրբ Օգոստինոսի «սխալիլը մարդկային» է հաստատումէն, շեշտը դնել այն իրականութեան վրայ, թէ սխալիլը մաս կը կազմէ կեանքին, ու անհատի աճումի ուղեւորութեան։ Նպատակն է պատանիներուն սորվեցնել` թէ պէտք չէ վախ ունենալ սխալ գործելէն, այլ ընկալել այդ սխալները ու զանոնք վերածել վերածնունդի հնարաւորութիւններու։
Քահանայապետին ժամանումը
Սրբազան Պապը «Սուրբ Յովսէփ մարզական Կեդրոն» ժամանեց Fiat 500 L սպիտակ իր ինքնաշարժով ու դիմաւորուեցաւ Կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալծակայի եւ Քոյր Ռաֆֆայելլա Փեթրինիի կողմէ` Վատիկան Քաղաքի Կառավարութեան նախագահն ու ընդհանուր քարտուղարուհին։ Ան ապա ընկալուեցաւ պատանիներուն ծափողջոյններով ու երգերով ապա հակիրճ հանդիպում ունեցաւ մի քանի կամաւորներուն հետ, «նախկին մանուկներ որոնք այժմ դարձած են մեծահասակ եւ իրենց ժամանակը կը յատկացնեն ի ծառայութիւն ճամբարին»։
«Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար» ըսաւ Քահանայապետը յանձնարարելով «պաշտպանել մանուկները»։
Խաղաղութիւն, ընտանիք, ծնողք
Հանդիպումին երկրորդ փուլը եղաւ Քահանայապետին ու մանուկներուն միջեւ զրոյցը։ Անոնցմէ հինգը հարցումներ ուղղեցին Անոր, որոնցմէ առաջինը փոքրիկն Փաոլոյին հարցումն էր .«Որոնք էին քու ասպետներդ մանկութեան ժամանակ» եւ Քահանայապետը պատասխանեց. «ծնողքս», ակնարկելով մանկութեան յիշատակներուն ու հաստատելով` որ «ընտանիքը, ծնողները մեզի կ՛օգնեն լաւ աճելու», այս ծիրէն ներս կարեւորելով նաեւ մեծ պապիկ ու մեծ մամիկներուն դերակատարութիւնը։
Պապիկ մամիկները
«Խօսեցէք ձեր պապիկ մամիկներուն հետ» յարեց ապա Սրբազան Պապը հարց տալով թէ ի ՞նչ կը մտածեն մանուկները անոնց մասին եւ անոնցմէ մին բարձրաձայն ըսաւ «ուրախութիւն կը պարգեւեն» ուրիշ մը «մեզ կ՛օգնեն ճանապարհը գտնելու»։ «Ապրէք, ճիշտ այսպէս է» ըսաւ Սրբազան հայրը անգամ մը եւս հրաւիրելով զանոնք մօտիկ ըլլալու իրենց պապիկ մամիկներուն։
Հաշտուիլ
Ան ապա յանձնարարեց միշտ խաղաղութիւն կերտել, հաշտուիլ։ Անիկա ամենագեղեցիկ բանն է կեանքին եւ մենք պէտք է սորվինք խաղաղութիւն կերտել տան մէջ, երբ կը վիճինք եղբայրներուն հետ, երբ կը բարկանանք։ Երբեք անկողին չմտնենք պատերազմական հոգիով, առանց որ հաշտուած ըլլանք...եւ այս մէկը կը հայի նաեւ ծնողներուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
2025ի Յոբելեան
Հարցումներու շարքին էր նաեւ` թէ ի՞նչպէս պատրաստուիլ 2025ի Յոբելենական Տարւոյն, ու Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ նշեց թէ «Յոբելեան» բառը ինքնին ուրախութիւն կը նշանակէ, ուստի պէտք է ուրախութեամբ պատրաստուիլ այդ ժամադրութեան, որ տարբեր է «զուարճանքէն» դիտել տուաւ Ան։
Ի վերջոյ Ալիչէ անունով աղջնակ մը կարդաց պատանիներուն անունով շարադրուած նամակ մը, որմէ ետքը բոլորը միասին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, հուսկ գոյնզգոյն թռուցիկները թռիչք առին դէպի երկինք գունաւորելով Հռոմի տաք եղանակով կապոյտ երկինքը, որոնց վրայ տպագրուած էր Քահանայապետին հետեւեալ խօսքը. «Քեզի սիրելի պատանի, դուն թանկագին ես Աստուծոյ աչքերուն առջեւ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ