Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը խումբ մը գաղթականներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը խումբ մը գաղթականներու հետ 

Խումբ մը գաղթականներ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ «Ան բոլորիս համար որպէս հայր է»

Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ծագումով Սէնէկալէն եւ Կամպիայէն երկու երիտասարդ գաղթականներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 2 յուլիսին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Սանթա Մարթա Տան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սէնէկալցի եւ Կամպիացի երկու երիտասարդ գաղթականներ։ Երկուքը գրած են տարբեր գիրքեր, որոնց մէջ պատմած են նոր երկիր փնտռելու համար իրենց ապրած բոլոր դժուարութիւններն ու տառապանքները։ Գաղթականներուն ընկերացած էր Mediterranea Saving Humans կազմակերպութեան մատրանապետ հայր Մաթիա Ֆերրարի։

Պատմելով հանդիպումին մասին Հայր Մաթիա յայտնեց, որ առաջին անգամ չէ որ նման ձեւով հանիդպում մը տեղի կ՝ունենայ, դիտել տալով, որ միշտ կը կրկնուի այսպիսի «շնորհքի մեծ պահ մը»։ Հայր Մաթիան նշեց, որ երկու գաղթականները, Ֆրանչիսկոս Պապը զգացին որպէս իրենց հայրը ու քահանայապետը հոգեւոր հովիւ է առանց խտրութեան բոլոր այն մարդոց որոնք հողազուրկ ու տնանկ են, թէ՛ մահմետականները, թէ՛ Կաթողիկէները։

Պատմութիւններ դժոխքի եւ յոյսերու միջեւ

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումին երկու գաղթականները՝ մէկը Իպրահիմ անունով Սէնկալէն ժամանած երիտասարդ է, իսկ երկրորդը Էպրիմա Քույաթէք անունով, ծագումով Կամպիաէն երիտասարդ մը ։ Երկուքը ապրած են գաղթականութեան միեւնոյն ողբերգութիւնները ու տառապանքները։ Անոնք հեղինակ են նաեւ տարբեր գիրքերուն։ Առաջինը՝ Իպրահիմը գրած է «Հաց եւ Ջուր», «Սէնէկալէն մինչեւ Իտալիա անցնելով Լիպիայէն» վերնագիրներով գիրքերը իսկ երկրորդը « Իմ ձայնը. Ափրիկէի ափերէն մինչեւ Եւրոպայի փողոցներ» տիտղոսակիր գիրքը։

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութեան հետ Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Migrantes Carpi հիմնարկի տնօրէն Սթէֆանօ Քրոչի, միեւնոյն կազմակերպութեան կամաւոր Ճուլիա Պասսոլի եւ Mediterranea Saving Humans մարդասիրական կազմակերպութեան հիմնադիր, Լուքա Քազարինի, Փաթօ անուան գաղթականը, որուն կինը ու զաւակը անցեալ տարի անապատի մէջ մահացած են։

Մեկնաբանելով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած գաղթականներու հանդիպումը, Հայր Մաթիան պատմեց թէ, Նորին Սրբութիւնը ուզած է մտիկ ընել անոնց պատմութիւնները եւ «շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին իրենց կատարած բարեսիրական աշխատանքներուն՝ քաջալերելով միշտ յառաջ երթալ։

Գաղթականները ուզեցին ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքերուն մէջ յանձնել դժոխքի եւ յոյսի պատմութիւնները, ըսաւ Հայր Մաթիան աւելցնելով որ սիրոյ եւ եղբայրութեան մէջն է, որ կ՝ապրեցուի աղքատներուն եւ գաղթականներուն հետ եւ  իսկապէս կը փորձարկենք փրկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2024, 09:18