Լիզպոնի ԵՀՕ մասնակցող երիտասրադներ (Արխիւ) Լիզպոնի ԵՀՕ մասնակցող երիտասրադներ (Արխիւ)  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապը Ռումանացի երիտասարդներուն. Ընկերային ցանցերը օգտագործեցէք բայց մի ապրիք «վիրթուալ» կեանքին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանած է Ռումանիոյ Եազի Թեմի երիտասարդներուն իրենց ուղարկած մէկ նամակին հրաւիրելով զանոնք ցանցի վրայ տարածելու կառուցողական արժէքներ խուսափելով բջիջային հեռաձայնի ստրուկները դառնալէ։ «Դուրս ելէք աշխարհ եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն նայեցէք անոնց աչքերուն մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եղէք յոյսին փոխանցողները եւ կամուրջներ կառուցողներ, օգտագործելով որեւէ գործիք որ ձեր տրամադրութեան տակ է աշխարհի մէջ սերմանելու համար բարութիւն ւ սէր». Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ Ռումանիոյ Եազի Թեմի երիտասարդներուն, պատասխանելով անոնց մէկ նամակին զոր անոնք ուղարկած էին Կարդինալ Փարոլինի միջոցաւ որ անցեալ 18 եւ19 Մայիսին Եազիի մէջ մասնակցած էր թեմական երիտասարդութեան հաւաքին։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը քաջալերէ երիտասարդները օգտագործելու ընկերային ցանցերը «քաջութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ, փոխանցելով կառուցողական աժէքներ ինչպիսին է բարեկամութիւնը, խաղաղութիւնը, ցեղերու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը, ընտանիքը եւ քրիստոնէական արժէքները»։ Ան ապա կը զգուշացնէ զանոնք բջիջային հեռաձայնի ստրուկը դառնալու վտանգէն ու մնալու անիրական աշխարհին մէջ զանց ընելով իրական աշխարհը։

«Դուրս ելէք աշխարհ, հանդիպեցէք մարդոց, մտիկ ըրէք անոնց պատմութիւններուն, ձեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն աչքերուն մէջ նայեցէք։ Իսկական հարստութիւնը կը կայանայ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ որոնք ապրուած են ամէն օր, ուղղակի եւ անկեղծ շփումի միջոցաւ» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով երիտասարդները մասնակցելու յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուան մէջ նախատեսուած երիտասարդական ազգային հաւաքին Պրազովի մէջ։

«Անիկա պիտի ըլլայ թանկարժէք առիթ միասին աճելու համար հաւատքի մէջ, կիսելու փորձառութիւնները ու ամրապնդելու ձեր քրիստոնէական ուղեւորութիւնը» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ նամակը կ՛աւարտէ աղօթք խնդրելով իրեն համար ու հաստատելով. «ձեր հոգեւոր աջակցութիւնը անգին նուէր մըն է, որ ինծի կ՛ օգնէ որպէսզի ծառայեմ Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2024, 07:00