«Դարձէք ժողովրդավարութեան արհեստաւորներ և մասնակցութեան վարակիչ վկաներ» Քահանայապետը իտալացի կաթողիկէներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 7 Յուլիս 2024ին առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թրիեսթէ քաղաք, փակումը կատարելու համար «Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային 50րդ շաբաթուան»։
Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն մեկնեցաւ ինքնաթիռով առաւօտեան կանուխ ու Թրիեսթէ ժամանեց ժամը 7,54 անց ուր դիմաւորուելէ ետք Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփիի եւ «Friuli Venezia Giulia» Մարզի նախագահ` Տիար Մասսիմիլիանօ Ֆրետրիքայի կողմէ, այլ Եկեղեցական ու տեղական իշխանութիւնները ներկայացնող բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ միասին, «Generali Convention Center» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային 50րդ շաբաթուան մասնակցող ժողովականներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը։
Ընկերային շաբաթներուն պատմութիւնը միահիւսուած Իտալիոյ պատմութեան հետ
«Ընկերային շաբաթներուն պատմութիւնը միահիւսուած է Իտալիոյ պատմութեան հետ եւ այս կը պատմէ Եկեղեցւոյ մը իրականութիւնը, որ զգայուն է ընկերութեան յեղաշրջումներուն եւ միտուած է սատարելու հասարակաց բարիքին» ըսաւ Սրբազան Պապը, ողջունելէ ետք ներկաներն ու կազմակերպիչները ու նշելէ ետք թէ ինք առաջին անգամ Թրիեսթէ քաղաքի մասին լսած է իր մեծ հօր կողմէ, որ իրեն սորվեցուցած է քաղաքի մասին երգեր։
Ան ապա յիշեց Երանելի Ճուզեփփէ Թոնիոլոն, որ սկիզբ տուած է «Շաբաթներու» ձեռնարկին, 1907 թուականին եւ որ Ժողովրդավարութիւնը սահմանած է. «Այն քաղաքացիական կարգը, ուր բոլոր սոցիալական, իրաւական և տնտեսական ուժերը, իրենց նուիրապետական զարգացման ամբողջութեան մէջ, կը համագործակցին համաչափ ընդհանուր բարօրութեան ի սպաս, ինչը կը հանգեցնէ վերջնական արդիւնքի՝ ի շահ ստորին խաւերուն»:
Հիւանդ Ժողովրդավարութիւնը
«Այս սահմանման լոյսին տակ ակնյայտ է, որ այսօրուայ աշխարհին մէջ ժողովրդավարութիւնը առողջ չէ եւ այս մէկը մեզ կը հետաքրքրէ ու կը մտահոգէ, որովհետեւ վտանգի մէջ է մարդուս բարիքը» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Իտալիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ուղեւորութեան, որուն իր սատարը տուած են ընկերային շաբաթները։
Վիրաւոր սիրտ
Ան ապա ակնարկեց հաւաքին որպէս խորհրդանիշ ընտրուած մէկ պատկերին` սիրտը, եւ անորմէ մեկնելով առաջարկեց խորհրդածութեան երկու նիւթ` վիրաւոր սիրտը եւ բուժուած սիրտը։
Սրբազան Պապը նախ խօսեցաւ ժողովրդավարութեան մասին, որպէս վիրաւոր սիրտ, ակնարկելով կաշառակերութեան, անօրինութեան ու ընկերային կեանքէն բացառութիւններու բոլոր ձեւերուն, նշելով` որ «ամէն անգամ որ մէկ մը բացառուած ու անտեսուած է, համայն ընկերային մարմինը կը ցաւի»։
Մնացորդացի մշակոյթը կը գծագրէ քաղաք մը, ուր տեղ չկայ աղքատին, նորածինին, դիւրաբեկ անձանց, հիւանդներուն, մանուկներուն, կիներուն ու երիտասարդներուն։ Իշխանութիւնը կը դառնայ ինքնայղում, որ կարող չէ ունկնդրութեան ու մարդոց ի սպաս ծառայութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով երբեմնի Իտալիոյ Վարչապետ Ալտօ Մորոյի խօսքերը, որ հաստատած է թէ «Պետութիւն մը իսկապէս ժողովրդավար չէ եթէ ան մարդուն ծառայութեան ի սպաս չէ...»։
Մասնակցութիւնը
«Նոյնինքն ժողովրդավարութիւն բառը կը պահանջէ, որ ստեղծուին պայմաններ, որպէսզի բոլորն ալ կարողանան արտայայտուիլ ու մասնակցիլ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դնելով մասնակցութիւն բառին վրայ, ուր բոլոր անձերը իրենք զիրենք պէտք է զգան հասարակութեան մը ծրագրին մաս եւ ուր պէտք է համարժէք կերպով յարգուի իւրաքանչիւրին արժանապատւութիւնը։
«Մասնակցութիւնը չի կարող յանկարծակի բան ըլլալ, անիկա կը դաստիարակուի մանուկ հասակէն սկսեալ, երիտասարդ տարիքին և անոր պէտք է «մարզուիլ», նաև քննադատական իմաստով` գաղափարական և ժողովրդապաշտփորձութիւններու նկատմամբ» յարեց Քահանայապետը մէջբերելով Եւրոխորհրդարանի և Եւրոպայի խորհուրդին տուած այցելութեան ծիրէն ներս իր խօսքերը ուր ընդգծած էր հարկաւորութիւնը ի յայտ դնելու «այն ներդրումը, որ այսօր քրիստոնէութիւնը կարող է տալ եւրոպական մշակութային և սոցիալական զարգացմանը՝ կրօնի և հասարակութեան միջև ճիշտ յարաբերութիւնների շրջագիծէն ներս» խթանելով պտղաբեր երկխօսութիւնը»։
Քահանայապետը անգամ մը եւս դատապարտեց գաղափարախօսութիւնները ապա հաստատեց որ մինչեւ այն ժամանակ որ մեր ընկերութիւնները նոյնիսկ միայն մէկ անձ մը անտեսեն կարելի պիտի չըլլայ ապրիլ տիեզերական եղբայրութեան տօնախմբութիւնը։
Բուժուած սիրտ
Մասնակցութենէն մեկնելով է, որ Քահանայապետը առաջարկեց երկրորդ նիւթը` «բուժուած սիրտ», որուն համար հարկաւոր է ստեղծագործ ըլլալ ու ապրիլ եղբայրութեամբ, որովհետեւ «եղբայրութիւնը կը ծաղկեցնէ ընկերային յարաբերութիւնները եւ բուժուած ժողովրդավարութիւն մը կը շարունակէ ապագայի երազներ մշակել, ան գործի կը լուծուի, կոչ կ՛ընէ անձնական և համայնքային ներգրաւուածութեան», յարեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացնելով չի խաբուելու դիւրին լուծումներէ ու կրքոտ դառնալու հասարակաց բարիքին նկատմամբ։
Ժողովրդավարութիւնը կապուած է անձին
«Մեզի կ՛իյնայ չշահարկել ժողովրդավարութիւն բառը կամ խեղաթիւրել զայն բովանդակութենէ դատարկ վերնագրերով, որոնք ունակ են արդարացնելու ցանկացած գործողութիւն։ Ժողովրդավարութիւնը դատարկ տուփ մը չէ, այլ կապուած է անձի, եղբայրութեան և համապարփակ բնապահպանական արժէքներուն հետ», հաստատեց ապա Ան, հրաւիրելով կաթողիկէները քաջութիւն ունենալու եւ հանրային քննարկումներու ծիրէն ներս առաջարկելու արդարութեան ու խաղաղութեան առաջարկներ։
Դատապարտող եւ առաջարկող ձայն
«Մենք պէտք է ըլլանք ձայն, որ կը դատապարտէ եւ կ՛առաջարկէ յաճախ ձայնազուրկ ընկերութեան մը մէջ, ուր շատեր ձայն չունին։ Ասիկա քաղաքական սէրն է, որ չի գոհանար հետեւանքները խնամելով, այլ կը ջանայ դիմագրաւել պատճառները...եւ այս քաղաքական սիրոյն, կանչուած է համայն քրիստոնեայ հասարակութիւնը...կազմուինք այդ սիրոյն վրայ, որպէսզի զայն դնենք շրջագայութեան մէջ, աշխարհի մը մէջ, ուր այսօր պակասը կայ քաղաքացիական կիրքին։ Սորվինք միշտ եւ աւելի լաւ քալել միասին, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ, որպէսզի դառնանք մասնակցութեան թթխմոր, այն ժողովուրդին մէջ, որուն մաս կը կազմենք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով եւ որպէս օրինակ ներկայացնելով Ճորճօ Լա Փիրան ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց իտալիոյ կաթողիկէ աշխարհականները յանձնառու ըլլալու «ծրագրելու յոյսը» ու գործունեայ ըլլալու` որպէս յոյսի ուխտաւորներ ապագայ Իտալիոյ համար։
Ժողովրդավարութեան արհեստաւորներ և մասնակցութեան վարակիչ վկաներ
«Որպէս Յարուցեալին աշակերտներ՝ երբեք չդադարինք վստահութիւն սնուցելէ՝ վստահ ըլլալով, որ ժամանակը կը գերազանցէ տարածութիւնը, և որ մեկնարկային գործընթացները աւելի իմաստուն են, քան տարածքներ զբաղեցնելը: Այս է Եկեղեցւոյ դերը. ներգրաւել յոյսին մէջ, որովհետև առանց անոր ներկան կը կառավարուի, բայց կարելի չէ ապագան կառուցել» հաստատեց Քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը ու բոլոր ներկաներուն մաղթելով, որ դառնան «ժողովրդավարութեան արհեստաւորներ և մասնակցութեան վարակիչ վկաներ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ