Որոնել

2020.09.22 Eutanasia assistenza vita

Մեզմէ իւրաքանչիւրի գոյութիւնը իւրայատուկ նուէր է մեզի և ուրիշներուն համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Երբ Աստուած մեր կողքին է մենք կարող ենք յաղթահարել բոլոր յուսալքումները եւ ամէն մէկ պահ ապրիլ, որպէս վերսկսելու ժամանակ եւ հնարաւորութիւն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վսատիկան

«Կեանքը միշտ արժանի է ապրուելու, և միշտ ալ կայ ապագայի յոյս, նոյնիսկ երբ կը թուայ թէ ամէն բան սպառած է։ Մեզմէ իւրաքանչիւրի գոյութիւնը իւրայատուկ նուէր է մեզի և ուրիշներուն համար: Աստուած երբեք չի լքեր մեզ, ընդհակառակը, Ան գիտէ ունկնդրել, ուրախանալ և լալ մեզի հետ»։ Խօսքերն են ասոնք, որ կը կարդանք Քահանայապետական «Իքս» հարթակի վրայ հրատարակուած թուիթին մէջ, որոնք քաղուած են Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 18 Մայիս 2024ին Վերոնա կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին բանտարկեալներուն հետ ունեցած հանդիպումի ճառէն։

Քահանայապետը Վերոնա մեկնած էր միօրեայ այցելութեամբ իր մասնակցութիւնը բերելու նաեւ Վերոնայի Արենա ամփիթատրոնին մէջ նախատեսուած խաղաղութեան նուիրուած հանդիպումին, որուն ընթացքին Ան կոչ ուղղած էր աղօթելու եւ գործելու խաղաղութեան ի սպաս։

«Խաղաղութիւնը չի հնարուիր մէկ օրէն միւսը։ Խաղաղութիւնը խնամքի կը կարօտի ու եթէ մենք չի խնամենք խաղաղութիւնը պատերազմ պիտի ըլլայ...այսօր աշխարհը ունի ծանր մեղք մը. հոգ չի տանիր խաղաղութեան» ըսած էր ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու շեշտած երկխօսութեան կարեւորութիւնը որ «հաւասարութեան հասնիլ չէ….այլ բազմակարծութիւնը կիսել է» հաստատած էր Ան։

Վերոնա այցելութեան ծիրէն ներս Քահանայապետը ունեցած էր տարբեր հանդիպումներ, որոնց շարքին քաղաքի կղերական դասի անդամներուն, մանուկներուն, երիտասարդներուն ինչպէս նաեւ Մոնթորիոյի Բանտի անձնակազմին ու բանտարկեալներուն հետ հանդիպումները, որոնց ուղղած իր խօսքին մէջ, ինչպէս վերեւ նշեցինք, Սրբազան Պապը շեշտած էր կեանքին կարեւորութիւնը մեկնելով այն իրողութենէն, որ ճիտ այդ բանտին մէջ վերջերս մի քանի անձեր, յուսալքումէն մղուած, դիմած էին անձնասպանութեան, արարք զոր Քահանայապետը որակեց «տխուր» ու քաջալերեց ներկաները կառչելու յոյսին, նոյնիսկ երբ ան անիրական կը թուայ։

«Երբ Աստուած մեր կողքին է մենք կարող ենք յաղթահարել բոլոր յուսալքումները եւ ամէն մէկ պահ ապրիլ, որպէս վերսկսելու ժամանակ եւ հնարաւորութիւն» ըսած էր այդ առիթով ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա ակնարկած էր Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն նշելով որ ան «Ապաշխարութեան, վերանորոգումի եւ ազատութեան տարի է համայն եկեղեցւոյ համար։ Տարի `ողորմութեան, որուն առիթով մէկդի դնել անցեալի բեռները եւ նորոգել մղումը դէպի ապագայ։ Տարի` որուն ընթացքին ապրիլ փոփոխութիւն մը, որպէսզի ըլլանք մենք զմեզ...»։

«Այս մէկն ալ թող մեզի համար ըլլայ նշան` եւ մեզի օգնէ վեր կանգնելու եւ վստահօրէն մեր ձեռքերուն մէջ վերստին առնելու կեանքի իւրաքանչիւր օրը» թելադրած էր Սրբազան Պապը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2024, 13:30