Որոնել

Rugby Sevens - Men's Pool A - Ireland vs South Africa

Թող յարգուի ողիմպիական զինադադարը. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աստուած լուսաւորէ իշխանութեան գլուխը կեցած անձերուն խիղճը»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Փարիզի մէջ վաղը` 26 Յուլիսին սկիզբ առնով Ողիմպիական Խաղերուն ընդառաջ Ֆրանչիսկոս Պապը հինգշաբթի 25 Յուլիսին ԻՔՍ ընկերային ցանցին վրայ հրատարակեց թուիթ մը որով անգամ մը եւս հրաւիրեց յարգելու ողիմպիական զինադադարը յոյս յայտնելով, որ «հակամարտութիւնները կարգաւորուին եւ հաստատուի հաշտութիւնը»։

«Մինչ աշխարհին մէջ խաղաղութիւնը վտանգուած է, կը մաղթեմ, որ բոլորը յարգեն ողիմպիական զինադադարը, յոյսով` որ հակամարտութիւնները կարգաւորուին եւ հաստատուի հաշտութիւնը» գրեց Թուիթին մէջ Սրբազան Պապը հայցելով նաեւ որ «Աստուած լուսաւորէ իշխանութեան գլուխը կեցած անձերուն խիղճը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2024, 13:30