Պէտք ունինք երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ նոր դաշինքի մը. Քահանայապետին Թուիթը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ Կիրակի 28 Յուլիս 2024ին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած մամիկ պապիկներու եւ տարեցներու համաշխարհային չորրորդ օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է Սաղմոսերգուէն քաղուած «ծերութեան մէջ ինձ մի լքեր» (Սաղմ 71,9) խօսքը որ կ՛ուզէ ընդգծել թէ ինչպէս առանձնութիւնը, դժբախտաբար, բազմաթիւ տարեցներու դառն ուղեկիցն է, որոնք յաճախ թիրախ են նաեւ մնացորդացի մշակոյթին։
Օրուան տօնախմբութիւնը, արժեւորելով տատիկներու եւ պապիկներու ու տարեցներու խարիզմներն ու անոնց ներդրումը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, նպատակ ունի խրախուսել իւրաքանչիւր եկեղեցական համայնքի յանձնառութիւնը սերունդներու միջև կապեր հաստատելու և առանձնութեան դէմ պայքարելու, գիտակցելով, որ ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՜ըսէ. - «Մարդուն համար լաւ չէ մինակ մնալը» (Ծննդոց 2:18):
Ահա այս ուղղութեամբ եւ առ ի պատրաստութիւն այդ Օրուան է որ Ֆրանչիսկոս Պապը քահանայապետական ԻՔՍ ընկերային ցանցին վրայ հինգշաբթի 24 Յուլիսին հրատարակեց թուիթ մը, որուն մէջ գրեց. «Բոլորս ալ պէտք ունինք երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ նոր դաշինքի մը, որպէսզի իրենց թիկունքին երկար կեանքի փորձ ունեցողներուն կեանքը կարողանայ սնուցել աճողներուն յոյսի բողբոջները: Այսպիսով կը սորվինք կեանքի գեղեցկութիւնը եւ կ՛իրականացնենք եղբայրական ընկերութիւն մը»։
Թուիթին խօսքերը քաղուած են Նորին Սրբութեան անցեալ տարի` 23 Յուլիսին Օրուան առիթով մատուցած սուրբ եւ անմահ պատարագի քարոզէն, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը ի միջի այլոց ընդգծած էր թէ «Ծերութիւնը օրհնեալ ժամանակ է, եղանակն է հաշտութեան, քնքշութեամբ նայելու լոյսին, որ յառաջ մղուեցաւ հակառակ խաւարին, այն վստահելի յոյսով` որ Աստուծոյ կողմէ սերմանուած բարի ցորենը պիտի յաղթէ որոմին»։
Ան ապա կոչ ուղղած էր չանտեսելու տարեցները ուշադիր ըլլալով որ «մեր մարդաշատ քաղաքները չդառնան «մենութեան կեդրոններ», այնպէս չի պատահի, որ ամենադիւրաբեկներու կարիքները հոգալու կոչուած քաղաքականութիւնը մոռնայ տարեցները, թոյլ տալով, որ շուկան զանոնք նկատէ «անարդիւնաւէտ թափօններ»։
«Չմոռանանք մեր մատիկ-պապիկներն ու տարեցները. Անոնց գուրգուրանքին շնորհիւ է որ մենք բազմիցս դարձեալ ոտքի ելանք, վերսկսանք մեր ճանապարհը, մենք մեզ զգացինք սիրուած եւ ներքնապէս բուժուած։ Անոնք իրենք զիրենք զոհաբերեցին մեզի համար, և մենք չենք կարող զանոնք զրկել մեր առաջնահերթ օրակարգէն։ Աճինք միասին, յառաջ ընթանանք միասին եւ Տէրը պիտի օրհնէ մեր ուղեւորութիւնը» ըսած էր այդ առիթով Նորին Սրբութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ