Որոնել

Սրբազան Պապին ողջոյնի խօսքը Խորանի սպասաւորներու ուխտագնացութեան մասնակցողներուն

Յիսուսի «Քու հետդ եմ» խօսքը կարող է դառնալ մերը ու մեր կարգին «քու հետդ եմ» խօսքը նուիրել միւսներուն եւ իրականացնել անոր պատուիրանը. Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»... լալով լացողին հետ, ուրախանալով ուրախացողին հետ առանց դատապարտումի ու նախապաշարումի, առանց փակումներու եւ բացառութիւններու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 30 Յուլիս 2024ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ունկնդրութիւն շնորհեց` 29 Յուլիսէն մինչեւ 3 օգոստոս 2024 տեւող, Խորանի սպասաւորներու ԺԳ ուխտագնացութեան մասնակցող եօթանասուն հազարէ աւելի պատանիներուն, որոնք յաւիտենական քաղաք Հռոմ ժամանած են Եւրոպայի 15 տարբեր երկիրներէ, գլխաւորութեամբ Ընկերակցութեան նախագահ Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխի, որոնց մեծամասնութիւնը եկած է Գերմանիայէն։

Վսեմաշուք Կարդինալ Հոլլերիխի Քահանայապետին ուղղած շնորհակալական խօսքէն ետքը Սրբազան Պապը իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց պատանիներուն շնորհակալութիւն ու բարի գալուստ մաղթելով անոնց։

«Քեզի հետ» կարգախօսը

Ան ապա ակնարկեց ուխտագնացութեան կարգախօսին «Քեզի հետ» հաստատելով թէ այդ երկու բառերուն մէջ պարունակուած է ամէն բան։

«Քեզի հետ արտայայտութիւնը, կը պարունակէ մեր կեանքի խորհուրդը, սիրոյ խորհուրդը» ըսաւ Սրբազան Պապը բացատրելով թէ «երբ անձ մը ծիլ կ՛առնէ արգանդին մէջ, մայրը անոր կ՛ըսէ . «Մի՛ վախնար, ես քեզի հետ եմ»: Բայց խորհրդաւոր կերպով մայրը եւս կը զգայ, որ այդ փոքրիկ արարածը իրեն կ՛ըսէ «Ես քու հետդ եմ»: Եւ այս մէկը տարբեր ձեւով կը վերաբերի նաև հայրերուն» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, թէ նայելով ներկաներուն այդ «քու հետդ» արտայայտութիւնը կը լեցուի նոր իմաստով եւ ասկէ մեկնելով բացատրեց թէ անոնց փորձառութիւնը խորանի ծառայութեան մէջ իրեն մտածել կու տայ, որ այս «Քու հետդ» ի առաջին դերակատարը Աստուած է։

Յիսուս մեր գործնական կերպով մեր հետն է Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ

«Յիսուս արդարեւ ըսաւ «երբ երկու կամ երեք հոգի կը համախմբուին իմ անունովս ես անոնց մէջն եմ» (Մատթ. 18,20)։ Եւ այս մէկը կը պատահի պատարագի Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, ուր այս «քու հետդ» կը դառնայ իսկական եւ շօշափելի ներկայութիւնը Աստուծոյ, Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով. թէ ինչպէս Քահանան այդ «խորհուրդը» կ՛ապրի ամէն օր ու թէ ինչպէս իրենք եւս այդ մէկը կը փորձարկեն ծառայելով խորանին։

«Երբ մենք Սուրբ Հաղորդութիւնը կ՛ընդունինք գործնական կերպով կարող ենք փորձարկել որ Յիսուս մեր հետն է ֆիզիկապէս եւ հոգեպէս։ Ան մեզի կ՛ըսէ «Քու հետդ եմ» ոչ թէ խօսքով այլ սիրոյ արարքով, որ է Սուրբ Հաղորդութիւնը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը հրաւիրելով պատանիները իրենց կարգին Յիսուսին ըսելու «ես քու հետդ եմ» ոչ թէ խօսքերով այլ սրտով ու սիրով։

Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի

«Եւ ճիշտ այն բանի շնորհիւ, որ Ան մեզի հետ է, մենք նոյնպէս  կարող ենք ըլլալ Անոր հետ» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով. որ Յիսուսի «Քու հետդ եմ» խօսքը կարող է դառնալ մերը ու մեր կարգին «քու հետդ եմ» խօսքը նուիրել միւսներուն եւ իրականացնել անոր պատուիրանը. «Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»... լալով լացողին հետ, ուրախանալով ուրախացողին հետ առանց դատապարտումի ու նախապաշարումի, առանց փակումներու եւ բացառութիւններու։

«Նոյնիսկ քու հետդ` որ ինծի համակրելի չես, քեզի հետ, որ ինձմէ տարբեր ես, քեզի հետ, որ օտար ես. Քու հետդ, որ ինձ չես հասկնար, քու հետդ, որ եկեղեցի չես յաճախեր, քեզի հետ, որ կ՜ըսես թէ չես հաւատար Աստուծոյ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն Հռոմ ժամանելու համար ու յատկապէս Յիսուսին պատկանելու ուրախութիւնը կիսելու եւ Անոր Սիրոյ ու մեր սիրտը բուժող, մեզ մահէն փրկող ու յաւիտենական կեանք պարգեւող Անոր վիրաւոր Սրտին ծառաները ըլլալու համար»։

Քահանայապետի խօսքէն ետքը տեղի ունեցաւ երեկոյեան աղօթքի արարողութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2024, 19:51