Որոնել

Սրբազան Պապ Փարակուացի երիտասարդներուն հետ 02.07.2015 Սրբազան Պապ Փարակուացի երիտասարդներուն հետ 02.07.2015 

«Յիսուսին առջեւ բացէք ձեր սրտերուն դռները». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին պատգամը Լատին Ամերիկայի և Կարաիբական աւազանի երիտասարդութեան պատասխանատուներու ԻԱ հանդիպումին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յուլիսի 15էն 20 Կարաիբեան աւազանի և Լատին Ամերիկայի երիտասարդութեան հովուական ծառայութեան պատասխանատուները համախմբուած են Փարակուայի Ասունսիոն քաղաքին մէջ Լաթամի ԻԱ հանդիպումին առիթով, որպէս բնաբան ունենալով. «Քեզի կ՜ըսեմ ոտքի ել»

Հաւաքին առիթով Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց Փարակուայի Երիտասարդութեան Հովուական ծառայութեան գրասենեակի պատասխանատու` Գերապայծառ Փիեռ Ժիւպինվիլին, որուն մէջ ողջունելով ժողովականները մատնանշեց բնաբանին ու «ոտքի ել» խօսքին, գրելով թէ «Յիսուսին այս պատուէրը ունի զոյգ նշանակութիւն` պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն»։

«Թող Քրիստոսը ձեր բնական լաւատեսութիւնը վերածէ իսկական սիրոյ. սէր, որ գիտէ զոհաբերել, որ անկեղծ է, իրական և անմեղ, այդպիսով որ երիտասարդութիւնը ըլլայ նուէր Յիսուսին և աշխարհին եւ կեանքը ապրուի արժանապատիւ և պտղաբեր կերպով» գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ հաստատելով, որ «Տէրը մեզ կ՛ուզէ կանգուն» եւ պէտք չէ վախ ունենանք զայն ընկալելու մեր կեանքէն ներս։

«Անոր առջեւ բացէք ձեր սրտերուն դռները, որովհետեւ Իրմէ եկած նոր կեանքը աննման է եւ կ՜արժէ ապրիլ»  հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր ժողովականները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ու հայցելով որ Ան առաջնորդէ զանոնք, որպէսզի դառնան միշտ աւելի սինոտալ Եկեղեցւոյ մը դերակատարները։

Քահանայապետը հուսկ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց փարակուէյի երիտասարդներուն, որոնք նուիրումով աշխատեցան կարելի դարձնփլու համար այս հաւատքը ապա հրաւէր ուղղեց երախտապարտ հաւատքով ապրելու այս օրերը ու Աղօթքի այս Տարուան առիթով շարունակելու ուղեւորութիւնը որպէսզի, ուրախալի յոյսով տօնախմբեն 2025ի Յոբելեանը։

Սրբազան Պապը պատգամը աւարտեց Աստուծոյ օրհնութիւնները հայցելով բոլորին վրայ եւ ինչպէս միշտ խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն հանար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2024, 11:39