Ֆրանչիսկոս Պապ. Որդեգրել Ժուժկալութեամբ յատկանշուած ապրելակերպ ազատ ըլլալու համար

Ֆրանչիսկոս Պապ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ներշնչուելով օրուան աւետարանէն շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ աւետարանը չէ կարելի մինակ հռչակել այլ միասին, իբրեւ համայնք եւ այս իրականացնելու համար պէտք ենք հրաժարիլ աւելորդ բաներէն մենք մեզ ազատ զգալու համար ու բոլորը ունենան կեանքը արժանավայել կերպով ապրելու անճրաժեշտ բաները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 14 յուլիսին, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեան, Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ապա ներկայացուց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը. Յիսուս առաքեալները երկու երկու կ՝առաքէ, յանձնարարելով զանոնք որ իրենց հետ անհրաժեշտ բաները տանին։

«Եկէ՛ք պահ մը կեդրոնանանք այս պատկերին վրայ. Առաքեալները ուղարկուած են միասին ու իրենց հետ պէտք են տանիլ միայն անհրաժեշտ բաները» ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ աւետարանը կարելի չէ հռչակել մինակ, այլ միասին՝ իբրեւ համայնք եւ սա կատարելու համար անհրաժեշտ է գիտնալ պահպանել ժուժկալութիւնը, գիտնալ չափաւոր ըլլալ՝ իրերը օգտագործելու մէջ, կիսելով հարստութիւնները, կարողութիւնները եւ պարգեւները, հրաժարելով աւելորդ բաներէն՝ ազատ ըլլալու համար եւ որպէսզի բոլորը ունենան այն ինչ, որ կը ծառայէ արժանավայել ձեւով ապրելու ու աշխուժութեամբ նպաստելու առաքելութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ժուժկալ ըլլալու միտքերու եւ զգացումներուն մէջ, հրաժարիլ նախապաշարումներէն, կոշտութիւններէն, որոնք որպէս դատարկ պայուսակներ կը ծանրաբեռնեն ուղեւորութիւնը, նպաստելու համար ունկնդրութեան ու այդպէսով վկայութիւնը աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց մտածելու այն բաներու մասին, որոնք կը պատահին մեր ընտանիքներուն կամ համայնքներուն ներքեւ նկատել տալով որ այն ատեն երբ կը բաւարարուինք անհրաժեշտով բաներով՝ թէկուզ անոնք քիչ ըլլան, Աստուծոյ օգնութեամբ կը յաջողինք յառաջ երթալ ու համաձայն գտնուիլ, կը կիսենք այն ինչ, որ կայ ու  կը հրաժարինք բանէ մը, իրարու միջեւ աջակցելով։ Ասիկա մատնանշեց Սրբազան Հայրը միսիոներական աւետում է նախքան եւ նոյնիսկ աւելին քան խօսքերը, որովհետեւ կը մարմնաւորէ Յիսուսի պատգամը շօշափելի կեանքին մէջ  ու այդ ձեւով ապրելով ընտանիք մը կամ համայնք իրենց շուրջը կը ստեղծեն սիրով հարուստ միջավայր մը, ուր աւելի դիւրին է բացուիլ հաւատքին եւ աւետարանի նորութեան ու ուրկէ աւելի հանգիստ եւ աւելի լաւ կը վերսկսինք։ «Իսկ՝ ընդհակառակը երբ ամէն մէկը իր հաշւոյն երթայ, երբ միայն կարեւոր բաներ անհրաժեշտ նկատուին, երբ իրարու չլսենք, երբ նախանձն ու անհատականութիւնը գերիշխեն այն պարագային օդը կը ծանրանայ եւ կեանքը դժուար կը դառնայ այսպէսով հանդիպումները աւելի շատ անհանգստութեան, տխրութեան, յուսահատութեան առիթ կը դառնան քան թէ ուրախութեան, ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով, որ հաղորդութիւնն ու սթափութիւնը կարեւոր արժէքներ են մեր քրիստոնեայ կեանքին եւ մեր առաքելութեան համար անոնք իսկապէս անփոխարինելի արժէքներ են միսիոներական եկեղեցւոյ համար՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու, արդեօ՞ ք հաճոյք կը զգանք աւետարանը աւետելէն եւ տարածելէն, արդեօ՞ք հաճոյք կը գանք Տիրոջ հետ հանդիպումէն յառաջացած ուրախութիւնն ու լոյսը տարածելէ՝ հոն ուր որ կ՝ապրինք եւ այս կատարելու համար արդեօ՞ ք ջանք կը թափենք որպէսզի կարենանք ուրիշներու հետ միասին քալենլ, կիսելով անոնց գաղափարներն ու կարողութիւնները՝ բաց եւ վեհանձն սիրտով։
Վերջապէս արդեօ՞ք գիտենք մշակել արթուն ապրելակերպ մը, որ ուշադիր է եղբայրներու կարիքներուն, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը հայցելով Առաքեալներու թագուհի Տիրամայէն որ բոլորիս օգնէ դառնալու իսկական միսիոնարներ, կեանքի հաղորդութեան եւ սթափութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2024, 11:18

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >