Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ կրօնաւորուհիներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ կրօնաւորուհիներուն հետ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պէտք է սիրտով աղօթենք եւ ոչ թէ թութակներու նման»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց իրենց տարեկանը ընդհանուր ժողովները գումարող որոշ միաբանութիւններ եւ հաստատութիւններ։ Արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան անդրադարձաւ միաբանութիւններու հիմնադիրներուն ու ապա խօսքը խօսքը կեդրոնացուց երկու երեւոյթներուն վրայ գեղեցկութիւն եւ պարզութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 15 յուլիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կարգ մը միաբանութիւններու եւ կրօնական հաստատութիւններու ընդհանուր ժողովներու մասնակցող անդամները։

Արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Minimi, Chierici Regolari Minori, Suore Agostiniane del Divino Amore, Chierici di San Viatore, Suore Riparatrici del Sacro Cuore e Missionarie di Sant’Antonio Maria Claret. Միաբանութիւնները իրենց բազմազանութեան մէջ, եկեղեցւոյ խորհուրդին կենդանի պատկերն է, որուն մէջ իւրաքանչիւրին տրուած Սուրբ Հոգիին յատուկ յայտնութիւնը ի սպաս ընդհանուր բարօրութեան, որպէսզի Քրիստոսի լոյսը փայլի իր ողջ լոյսով եւ գեղեցկութեամբ աշխարհին մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր խօսքը կեդրոնացուց վերոյիշեալ միաբանութիւններուն երկու երեւոյթներուն վրայ, գեղեցկութիւն եւ պարզութիւն։

Գեղեցկութիւն

«Ձեր պատմութիւնները տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու հանգամանքներու շրջանակէն ներս գերեկցութեան պատմութիւններ են, որովհետեւ անոնց մէջ կը փայլի Աստուծոյ դէմքը... ու ձեր հիմնադիրներն Սուրբ Հոգիին ներշնչումով կրցան ըմբռնել այդ գեղեցկութեան գիծերը ու համապատասխանել անոնց տարբեր ձեւերով՝ ըստ իրենց ժամանակներու կարիքներու...», ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով ներկաները, որ իրենց ընդհանուր ժողովներուն աշխատանքներուն մէջ քաղեն իրենց հիմնադիրներուն վկայութիւնը եւ շարունակեն անոնց նման փնտռել եւ սերմանել Քրիստոսի գեղեցկութիւնը պատմութեան մէջ։

Պարզութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ յիշեալ միաբանութիւններուն հիմնադիրները, տարբեր հանգամանքներու մէջ ընտրեցին էականը եւ հրաժարեցան աւելորդէն, անօգուտէն, թոյլ տալով որ օրէ օր կերտուին Աստուծոյ սիրոյ պարզութենէն զոր կը փայլի Աւետարանին մէջ, «որովհետեւ Աստուծոյ սէրը պարզ է ու անոր գեղեցկութիւնը պարզ է եւ դա բարդ գեղեցկութիւն չէ» ըսաւ Սրբազան Հայրը խնդրելով, որ Տիրոջմէ հայցեն պարզ ըլլալու շնորհքը , պարզ՝ ընդհանուր ուղեւորութեան սինոդականութեան գործերու մէջ, մերկանալով այն բոլոր բաներէն զոր օգտակար չեն կամ ալ կարող են խանգարել զատորոշումի գործընթացէն ներս ունկնդրութիւն ու հաշտութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց միաբանները, որ երբեք չմոռնան աղօթքը, սիրտի աղօթքը, երբեք չմոռնան Տապանակի դիմաց պահերը խօսելու համար Տիրոջ հետ ու թոյլ տալու՛ որ Տէրը խօսի իրենց հետ։

«Թող Սիրտի աղօթքը ըլլայ եւ ոչ թէ թութակներու աղօթք, աղօթք որ սիրտէն կը բխի եւ մեզ Տիրոջ ճանապարհին վրայ յառաջ կը մղէ», ըսաւ Ան։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն եկեղեցւոյ բարօրութեան համար կատարած աշխատանքներուն ողջ աշխարհի մէջ քաջալերելով զանոնք որ իրենց գործունէութիւնը շարունակեն հաւատքով եւ վեհանձնութեամբ։ Քահանայապետը խնդրեց նաեւ որ աղօթեն կոչումներուն ու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2024, 11:38