Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը մեքենաներու դարաշրջանին մէջ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
9էն 10 յուլիսին, Հիրոշիմայի մէջ տեղի կ՝ունենայ «Արուեստական բանականութեան բարոյականութիւնը խաղաղութեան համար»վերտառութեամբ միջ կրօնային համագումար։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամով մը նախ ողջունեց հանդիպումի մասնակիցները ապա խօսքը կեդրոնացուց Արուեստական բանականութեան եւ խաղաղութեան թեմաներուն վրայ.
«Պէտք է միշտ յիշել, որ մեքենան կարող է, որոշ ձեւերով եւ այս նոր միջոցներով արտադրել «ալկորիթմական» ընտրութիւն։ Այն ինչ, որ մեքենան կ՝ընէ, թեքնիկական ընտրութիւն է՝ քանի մը հնարաւորութիւններու միջեւ ու կը հիմնուի կամ լաւ սահմանուած չափանիշերուն՝ կամ վիճակագրական եզրակացութիւններուն վրայ։ Մարդ արարածը սակայն, ոչ միայն կ՝ընտրէ, այլեւ իր սիրտին մէջ կարող է ընտրել։ Որոշելը տարր մըն է, որ մենք կարող ենք սահմանել աւելի ռազմավարական քան ընտրութիւն եւ կը պահանջէ գործնական գնահատում», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով,
«Մեքենաներու հրաշալիքներուն դիմաց, որոնք կը թուին թէ գիտեն ինքնուրոյն ընտրել, մենք պէտք է յստակ գիտակցինք, որ մարդուն պէտք է միշտ ձգել ընտրութիւն կատարել, նոյնիսկ այն ողբերգական եւ հրատապ ոճերով, որոնցմով անիկա երբեմն կը յայտնուի մեր կեանքին մէջ «Մենք մարդկութիւնը կը դատապարտենք անյոյս ապագայի, եթէ մարդիկը զրկենք իրենց կեանքի մասին որոշում կայացնելու կարողութիւններէն, դատապարտելով անոնց մեքենաներէն կախեալ ըլլալու։
Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատելով հանդիպումի նախաձեռնութիւը ժողովականներէն խնդրեց որ աշխարհի ցոյց տան՝ թէ միացած կը խնդրեն շօշափելի յանձնառութիւն, պաշտպանելու համար մարդկային արժանապատուութիւնը այս մեքենաներու օգտագործման նոր դարաշրջանէն։
Անդրադառնալով ապա Ժողովին վայրին՝ Հիրոշիմային մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց ժողովի մասնակիցներէն, որ աշխարհին յիշեցնեն թէ «զինուած հակամարտութիւններուն նման ողբերգութեան մէջ հրատապ է մտածել «մահացու ինքնավար զէնքերուն» սարքերուն մասին, սկսելով շօշափելի գործերով ՝ներդրելու համար աւելի մարդկային վերահսկողութիւնը։ «Ոչ մէկ մեքենայ պէտք չէ ընտրել եթէ կը խլէ թէ ոչ մարդկայի էակի կեանքը։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ այս հանդիպումը եղբայրութեան եւ համագործակցութեան պտուղներ տայ, ապահովուեց իր աղօթքը որպէսզի իւրաքանչիւր անձ կարողանայ աշխարհի խաղաղութեան համար միջոց դառնայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ