Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցներու հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մօտիկ գտնուելով տարեցներուն բազմաթիւ շնորհներու արժանի կը դառնանք

Ֆրանչիսկոս Պապին գրառումը նուիրուած Տատիկ-պապիկ եւ տարեցներու Դ համաշխարհային օրուան։ Սրբազան Հայրը կը նշէ թէ նեցուկ գտնուելով տարեցներուն՝ բազմաթիւ նուէրներու, շնորհներուն արժանի կը դառնանք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 28 յուլիսին, կը նշուի Տատիկ-պապիկ եւ տարեցներու Դ համաշխարհային օրը։ Այս օրուան նուիրուած, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուած թեման՝ «Ծերութեան ժամանակ ինձ մի լքեր» (Սաղմ. 71,9) նպատակ ունի ընդգծել, թէ ինչպէս մենակութիւնը դժբախտաբար բազմաթիւ տարեցներու դառն ուղեկիցն է , որոնք յաճախ աւելորդ մշակոյթի զոհերը կը դառնան։

Յոբելեանի նախապատրաստման տարին, զոր Նորին Սրբութիւնը նուիրեց աղօթքի, տարեցներուն օրուան նիւթը քաղուած է 71-րդ սաղմոսի ծերուկի մը կոչէն՝ որ կը յիշէ Աստուծոյ հետ իր բարեկամութեան պատմութիւնը։

Տատիկ-պապիկ եւ տարեցներու Դ համաշխարհային Օրուան տօնակատարութիւնը, արժեւորելով տատիկներուն, պապիկներու, տարեցներու խարիզմները ու անոնց ներդրումը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, նպատակ ունի խրախուսել իւրաքանչիւր եկեղեցական հասարակութեան յանձնարարութիւն՝ սերունդներու միջեւ կապեր ստեղծելու եւ պայքարելու մենակութեան դէմ, գիտակցելով որ ինչպէս յիշուած է սուրբ գիրքին մէջ «Մարդուն համար լաւ չէ մինակ մնալ» Ծննդոց։

Տատիկներու եւ պապիկներու, տարեցներուն համաշխարհային 4-րդ օրուան նախօրէին, շաբաթ, 27 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ գրառում կատարելով Քահանայապետական Իքս ընկերային ցանցին վրայ նշեց.

«Մօտիկ գտնուելով տարեցներուն, գիտակցելով անոնց անփոխարինելի դերը՝ ընտանիքին, ընկերութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ մենք եւս կը ստանանք բազմաթիւ նուէրներ, շնորհեր եւ օրհնութիւններ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2024, 12:40