Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ինտոնեզիա Փափուա Նովա Կինէա, Թիմօր-Լեսթ եւ Սինկափուր կատարելիք ճամբորդութեան ծրագիրը
Ուրբաթ` 5 Յուլիս 2024ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ սեպտեմբերին սկիզբը 2-13 Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմօր-Լեսթ եւ Սինկափուր կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան օրակարգն ու անոր պաշտօնական հանդիպումներու յայտագիրը։
Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն պիտի մեկնի երկուշաբթի 2 սեպտեմբերի կէսօրէն ետքը ժամը 5,15 անց ուղղուելով` Ինտոնեզիայի մայրաքաղաք Ճաքարթա ուր ժամանումը նախատեսուած է երկրորդ օրը` 3 սեպտեմբերին, տեղական ժամով 11,30ին, ուր Ճաքարթայի Միջազգային “Soekarno-Hatta” օդակայանին մէջ կը կատարուի պաշտօնական ընդունման արարողութիւնը։
Չորեքշաբթի 4 սեպտեմբերի առաւօտեան Սրբազան Պապը կ՛այցելէ Ճաքարթայի նախագահական պալատ ուր նախատեսուած է «բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը», Նախագահին հետ հանդիպում ապա հանդիպում տեղական Իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ որոնց Սրբազան Պապը կ՛ ուղղէ ճամբորդութեան առաջին ճառը, հուսկ վերադառնալով Առաքելական Նուիրակութիւն, առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներուն հետ։
Կէսօրէն ետքը Նորին Սրբութիւնը «Սրբոյ Կուսին Վերափոխման» աթոռանիստ տաճարին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Երկրի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, նուիրեալ անձերուն, նորընծաներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ ապա “Grha Pemuda” երիտասարդութեան տան մէջ կը հանդիպի «Սքոլաս Օքուրէնդէսի» երիտասարդներուն հետ։
Հինգշաբթի 5 սեպտեմբեր 2024-ին Սրբազան Պապը օրը կը սկսի Ճաքարթայի «Istiqlal» մզկիթին մէջ մասնակցելով միջկրօնական հանդիպումի մը, որուն առիթով կը յղէ իր պատգամը, ապա Ինտոնեզիայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի կեդրոնատեղիին մէջ կը հանդիպի բարեսիրական հաստատութիւններուն հիւրերուն հետ մինչ յետմիջօրէի ժամը հինգին «Gelora Bung Karno» մարզադաշտին մէջ Ան կը մատուցէ Ինտոնեզիա կատարած առաքելական այցելութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը։
Ուրբաթ 6 սեպտեմբեր 2024 -ի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելէ ետք Ճաքարթայէն, տեղական ժամով 09:45ին Ճաքարթայի միջազգային օդակայանէն կը մեկնի դէպի «Port Moresby» Փափուա Նովա Կինէայի մայրաքաղաք ուր կը ժամանէ տեղական ժամով 18:50 անց, ուր տեղի կ՛ունենայ իրեն ի պատիւ «հիւրընկալութեան» փրոթոքոլային արարողութիւնը։
Երկրորդ օրը` Շաբաթ 7 Սեպտեմբեր 2024ին Սրբազան Քահանայապետը քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ Ընդհանուր Կառավարիչին ապա կը հանդիպի Երկրին Իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը։
Կէսօրէն ետքը Սրբազան Պապը «Caritas Technical Secondary School» դպրոցին մէջ կ՛այցելէ «STREET MINISTRY» եւ «CALLAN SERVICES» ի մանուկները ապա կը հանդիպի Փափուա Նովա Կինէայի եւ Սալոմոն Կղզիներու եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն ու նորընծաներուն եւ կրօնուսոյցներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը։
Կիրակի 8 սեպտեմբեր 2024-ին Սրբազան Պապը առաւօտեան կանուխ «Port Moresby»ի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ կ՛ընդուի Երկրի Վարչապետին այցելութիւնը ապա Քաղաքի “Sir John Guise” մարզադաշտին մէջ կը մատուցէ Սուրբ պատարագը. նոյն վայրէն արտասանելով նաեւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։ Արարողութեան աւարտին Քահանայապետը կ՛ուղղուի «Port Moresby»ի միջազգային “Jacksons” օդակայան, որտեղէն կը մեկնի Փափուա Նովա Կինէայի Սանտաուն Մարզի Վանիմօ քաղաք, ուր հանդիպում կ՛ունենայ տեղական հաւատացեալներուն հետ անոնց ուղղելով իր խօսքը, ապա առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ խումբ մը միսիոնարներու հետ, որմէ ետքը վերադարձ կը կատարէ «Port Moresby»։
Երկուշաբթի 9 սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտեան «Port Moresby»ի մէջ հանդիպելէ ետք երիտասարդներուն հետ, Քահանայապետը կ՛ուղղուի Քաղաքի օդակայան ու այնտեղ տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութենէն ետքը կը մեկնի դէպի ճամբորդութեան երրորդ հանգրուան հանդիսացող Տիլի քաղաք, որ Թիմոր Լեսթի մայրաքաղաքն է։
Նոյն օրը երեկոյեան Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Երկրին Նախագահական պալատը ուր տեղի կ՛ունենայ իրեն իր պատիւ բարի գալուստի արարողութիւնը, որմէ ետք ինք առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Երկրին նախագահին ապա նոյն վայրին մէջ կը հանդիպի տեղական Իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր ճառը։
Երեքշաբթի 10 սեպտեմբերի յայտագիրը կը սկսի առաւօտեան Քահանայապետին «IRMÃS ALMA» դպրոցի անկար աշակերտներուն հետ ունեցած հանդիպումով, որմէ ետք Ան կը հանդիպի երկրի կղերական դասի անդամներուն հետ, որուն կը յաջորդէ Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներուն հետ հանդիպումը, ապա կէսօրէն ետքը` Ան կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը։
Չորեքշաբթի 11 Սեպտեմբերին Սրբազան Պապը օրը կը սկսի հանդիպելով երիտասարդներուն հետ, ապա հրաժեշտ առնելէ ետք Տիլիէն կ՛ուղղուի ճամբորդութեան վերջին հանգրուան` Սինկափուր, ուր ժամանումէն ետքը, երեկոյեան կը հանդիպի Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ։
Հինգշաբթի 12 սեպտեմբերի առաւօտեան Սինկափուրի “Parliament House” ի մէջ նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը հուսկ Հանրապետութեան Նախագահին քաղաքավարական այցելութիւնը, հանդիպում Վարչապետին հետ ու հանդիպում պատկան իշխանութիւններուն հետ։
Նոյն օրը կէսօրէն ետքը ժամը 5,15 անց Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ “Singapore SportsHub” մարզադաշտին մէջ։ Իսկ ճամբորդութեան վերջին օրը` Ուրբաթ, 13 սեպտեմբերին, Քահանայապետը նախ կ՛այցելէ Սրբուհի Թերեզայի անուամբ տան մօտ հիւրընկալուած խումբ մը ծերունիներ եւ հիւանդներ ապա “Catholic Junior College”ի մէջ կը մասնակցի երիտասարդներու մասնակցութեամբ միջկրօնական հանդիպումին, որուն աւարտին Ան կ՛ուղղուի Սինկափուրի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու Հռոմ, հուսկ Վատիկան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ