Ֆրանչիսկոս Պապ Փալերմօ քաղաքին մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Փալերմօ քաղաքին մայր տաճարին մէջ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Հետեւելով Սրբուհի Ռոզալիայի օրինակին գեղեցիկ նոր դէմք տուէք ձեր քաղաքին

Սրբուհի Ռոզալիայի դիակի յայտնաբերման 4-րդ հարիւր ամեակի կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական պատգամ ուղեց Փալերմօ Թեմի արքեպիսկոպոսին եւ հաւատացեալներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 8 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական գրաւոր պատգամ մը ուղեց Փալերմօ թեմի արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Քոռատօ Լորէֆիչէին, Սրբուհի Ռոզալիայի դիակի յայտնաբերման 4-րդ հարիւրամեակի կապակցութեամբ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ իրեն համար Սրբուհի Ռոզալիայի դիակի յայտնաբերման 4-րդ հարիւրամեակի տարեդարձը յատուկ առիթ է հոգեպէս միանալու համար Փալերմօ եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ փառաբանելու Երկրաւօր Հայրը «Կին առաքեալին վսեմ պարգեւին համար, որ երբեք «չտարակուսեցաւ ընդունելու մենակութեան փորձութիւնները ի սէր իր Տիրոջ»։

Պատգամին մէջ քահանայապետը հրաւիրեց Սրբուհի Ռոզալիայի հաւատարիմ հաւատացեալները ըլլալու Սրբուհիին Ռոզալիայի հոգեւոր ժառանգորդները ապրելով Անոր մերձաւորին նկատմամբ հաւատքի վկայութեան եւ եղբայրսիրութեան աւետարանական ապրելակերպը։ Հրաւիրեց ուժեղ ըլլալու դիմակայելու համար այն բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք մինչեւ այսօր կը խոչընդոտեն քաղաքի վերածնունդը, «որուն ճանապարհը ծանրաբեռնուած է բազմաթիւ խնդիրներով, որոնցմէ մի քանիները շատ ցաւալի են»։

Շնորհաւորական Պատգամին մէջ սրբազան Հայրը նշեց որ ինք Սրբուհի Ռոզալիայի հետ, որ յոյսի կին է, կը յորդորէ Փալերմօ եկեղեցին վեր կանգնելու, նոր յոյսի փարոս դառնալու, ինչպէս նաեւ ըլլալու կենդանի համայնք, «որ նահատակներուն արիւնով վերածնուած ճշմարիտ եւ լուսաւոր վկայութիւն կու տայ Մեր Քրիստոսի Փրկչին»։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Փալերմօ քաղաքին մէջ ապրող Աստուծոյ ժողովուրդը չկորսնցնելու իրենց յոյսը եւ չմատնուելու յուսալքութեան, այլ բացայայտելու Հօր քնքշութեան հանդէպ զարմանքի ուրախութիւնը, «որ իր մօտ կը կանչէ ու կ՝առաջնորդէ կեանքի ուղիներու վրայ համտեսելու համար համերաշխութեան եւ խաղաղութեան պտուղները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յոյս յայտնելով, որ Սրբուհի Ռոզալիայի այս յոբելինական տարին նախ եւ առաջ նպաստէ Եկեղեցական հասարակութեան մէջ ներառուած հոգեւոր ծաղկումին, հրաւիրեց հնազանդօրէն ունկնդրել Սուրբ Հոգիին, որպէսզի հաւատացեալները կարողանան իրականացնել հովուական ծառայութեան առատ եղանակը եւ պատրաստ ըլլան տարածելու համար հիւրընկալութեան եւ ողորմութեան բոյրը։

Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց հաւատացեալներէն, որ իրենց ցանկութիւններն ու ձգտումները յանձնեն իրենց սիրտին մէջ կրած Պաշտպան Սրբուհիին ու հայցեն Անորմէ վախերը փառատելու կարողութիւնները, յաղթահարելու համար բարի արմատները խեղդող համակերպութիւնները, որպէսզի կարենան վարդապետի քաջ զինուորները ու յոյսի կառուցողները դառնալ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական պատգամը աւարտեց յանձնելով Փալերմօ եկեղեցւոյ հաւատացեալները Տիրամօր հովանիին, շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները եւ խնդրելով հաւատացեալներէն որպէսզի աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2024, 11:25