#Փարիզ2024 - Թող մարզանքը կամուրջներ կառուցէ, քանդէ պատնէշները, խթանէ խաղաղ յարաբերութիւններ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ պաշտօնական արարողութեամբ բացումը պիտի կատարուի Փարիզ2024 ողիմպիական խաղերուն, որ աշխարհի ամենամեծ միջազգային մարզական իրադարձութիւններէն մէկն է։ Անոր բազմատեսակ մրցումներուն պիտի մասնակցին աշխարհի աւելի քան 200 երկիները ներկայացնող հազարաւոր մարզիկներ։
Այս տարուայ Ողիմպիական եւ պարալիմպիք խաղերու հիւրընկալող Երկիրն է Ֆրանսան։
Յարգել «ողիմպիական զինադադարը»
Խաղերուն առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մի քանի անգամներ կոչ ըրաւ յարգելու «ողիմպիական զինադադարը» ընդգծելով մարզանքի արժէքը։
Ան այսօր եւս հրատարակած թուիթին մէջ հաստատեց թէ «Ողիմպիական և պարալիմպիք ոգին հակաթոյն է պատերազմի ողբերգութեան չի յանձնուելու համար և վերջ տալու բռնութեան» ապա մաղթեց, որ «մարզանքը կամուրջներ կառուցէ, քանդէ պատնէշները, խթանէ խաղաղ յարաբերութիւններ:#Ողիմպիականզինադադար #Փարիզ2024։
Կառուցել առանց պատերազմի աշխարհ մը
Սրբազան Պապին այս խօսքերը քաղուած են «Խաղաղութեան Խաղեր» հատորի իր ստորագրութիւնը կրող նախաբանէն, որուն մէջ Ան ի միջի այլոց յղում կատարած էր ողիմպիական խաղերու պայմանագիրին, ուր կը մատնանշուի մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը անոր արժանապատւութեամբ, ու յանձնառում կը դրսեւորուի սատարելու աւելի լաւ աշխարհի մը կառուցումին, աշխարհ մը` «առանց պատերազմի, մարզանքի միջոցաւ կրթելով երիտասարդները, առանց խտրականութեան, բարեկամութեան եւ զօրակցութեան ոգիով»։
Աւելի արագ, Աւելի վեր, Աւելի զօրաւոր եւ միասին
«Մարզական գործունէութեան ոգին է` միաւորել եւ չի բաժնել, իսկ հինգ միահիւսուած օղակները, ողիմպիական խաղերու խորհրդանիշն ու դրօշը, կը ներկայացնեն եղբայրութեան ոգին, որ պէտք է բնութագրէ ողիմպիական իրադարձութիւնը և ընդհանրապէս մարզական մրցակցութիւնը» գրած էր Սրբազան Պապը նախաբանին մէջ բարձր գնահատելով նաեւ 2021 Թուականին միջազգային ողիմպիական կոմիտէի, ողիմպիական կարգախօսին չորրորդ բառը աւելցնելը` «միասին» բառը, «Աւելի արագ, Աւելի վեր, Աւելի զօրաւոր եւ միասին»։
Անկար եւ գաղթական մարզիկները ոտքի կանգնելու ունակութեան հերոսներ
Նորին Սրբութիւնը այդ առիթով ակնարկած էր անկար մարզիկներուն, որոնք «հիացում կը պատճառեն իրենց կարողութիւններուն համար», ապա գաղթական մարզիկներուն, «որոնք կը պատմեն փրկագնման, յոյսի եւ ընդելուզման պատմութիւններ»։
«Անոնք միայն մարզանքի մարդիկ ու կիներ չեն, այլ խաղաղութեան մարդիկ եւ կիներ, դերակատարները յամառ յոյսի մը, եւ վատ պահէ մը ետք՝ ոտքի կանգնելու ունակութեան հերոսներ» գրած էր միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ