Յիշելով Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ողբերգութիւնը Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել խաղաղութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 11 Օգոստոս 2024-ի, կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով այս առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ ակնարկեց այս օրերուն Հիրոշիմայի եւ Նակազաքի քաղաքներու հիւլէական ռմբակոծման տարեդարձին նշելով որ մինչ Տիրոջ կը յանձնենք այդ իրադարձութիւններուն ու բոլոր պատերազմներուն զոհերը նորոգենք մեր բուռն աղօթքը խաղաղութեան համար, յատկապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Սուտանի ու Միանմարի համար»։
Սրբազան Պապը յիշեց ապա այսօր յիշատակուող Սրբուհի Քիարայի տօնը յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով «Քլասրիսեան» միաբանութեան անդամներուն ապա հրաւիրեց աղօթել Պրազիլի մէջ օդանաւային արկածի զոհերուն համար ու ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումերը բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ աղօթք խնդրելով իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ