Քահանայապետին մտահոգութիւնը Ուքրանիոյ մէջ ռուսական եկեղեցւոյ դէմ կիրառուած սահմանափակումներուն ի տես
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի 25 օգոստոս 2024ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով աղօթքին առիթով սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, ուզեց նախ իր զօրակցութիւնը արտայայտել հազարաւոր անձերուն, որոնք վարակուած են Կապիկի Ծաղկախտէն, որ «արդեն իսկ համաշխարհային առողջապահական արտակարգ իրավիճակ կը համարուի», ըսաւ Քահանայապետը, իր աղօթքները ապահովեցնելով բոլոր վարակուողներուն ու յատկապէս Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան բնակչութեան։
Կապիկի Ծաղկախտը
Այս ուղղութեամբ Ան իր մօտիկութիւնը արտայայտեց վերոնշեալ հիւանդութեան թիրախ Երկիրներու տեղական Եկեղեցիներուն քաջալերելով Ղեկավարները եւ անձնական գործարանները, կիսելու յայտնաբերուած դարմանները, որպէսզի «ոչ մէկուն պակսի բժշկական աջակցութիւնը»։
Նիքարակուան
Նորին Սրբութիւնը խօսք ուղղեց հուսկ Նիքարակուայի ժողովուրդին քաջալերելով զանոնք իրենց յոյսը դնելու Յիսուսին վրայ։
«Յիշեցէք, որ Սուրբ Հոգին պատմութիւնը մշտապէս կ՛առաջնորդէ դէպի ամենաբարձր ծրագիրներ։ Թող` որ Անարատ Սուրբ Կոյսը ձեզ պաշտպանէ դժուարութեան պահերուն ու ձեզի զգացնել տայ իր մայրական քնքշութիւնը։ Թող որ Սուրբ Կոյսը ընկերանայ Նիքարակուայի սիրեցեալ ժողովուրդն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով նաեւ, որ ինք կը շարունակէ ցաւով հետեւիլ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի դաշնութեան մէջ կատարուած հակամարտութիւններուն։
Եկեղեցիներուն պէտք չէ դպչիլ
Այս ուղղութեամբ Ան ակնարկեց նաեւ Ուքրանիոյ մէջ որդեգրուած օրէնքին, որով Ռուսական Եկեղեցւոյ հետեւորդներուն արգիլուեցաւ պաշտամունք կատարելը եւ այս առնչութեամբ նշեց թէ «ինք մտահոգ է աղօթողներու ազատութեան համար, որովհետեւ ան` որ իսկապէս կ՛աղօթէ, կ՛աղօթէ բոլորի համար» ու թէ «աղօթելը չար գործել չէ։ Ան որ չարութիւն կը կատարէ իր ժողովուրդին դէմ, յանցաւոր կը նկատուի այդ բանին համար, բայց կարելի չէ, որ չար գործած ըլլայ, որովհետեւ աղօթեց։ Ուստի թոյլ թող տրուի որ իւրաքանչիւրը աղօթէ այն Եկեղեցւոյ մէջ, որ իրը կը համարէ։ Կը խնդրեմ թող ուղղակի կամ անուղղակիօրէն չվերացուի ոչ մի քրիստոնէական եկեղեցի. Եկեղեցիներուն պէտք չէ դպչիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Աղօթք խաղաղութեան համար
Ան ապա հրաւիրեց շարունակել աղօթել, որպէսզի վերջ դրուի Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ու նաեւ Միանմարի եւ աշխարհի որեւէ այլ վայրի մէջ պատերազմներուն։ «Աղօթենք` որպէսզի Տէրը մեզի բոլորիս պարգեւէ խաղաղութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որ ապա ողջունելէ ետք ուխտաւորներու զանազան խումերը, հրաժեշտ առաւ բոլոր ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ