Որոնել

2024.06.28 Il cardinale Tagle videomessaggio al Convegno a Macao sul primo Concilio Sinense

Սրբազան Պապը յառաջիկայ օրերուն պիտի կատարէ քահանայապետութեան ամենաերկար ճամբորդութիւնը

Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համավերնատեսուչը Fides լրատու գործակալութեան ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Սրբազան Պապին սեպտեմբեր 2-13 Ասիական եւ Ովկիանեան ցամաքամաս կատարելիք Առաքելական 45րդ ճամբորդութեան մասին ու անոր այցելելիք չորս Երկիրներու մասին ուր քրիստոնեայ հասարակութիւնները փոքրամասնութիւններ են եւ ուր կը կրկնուի Յիսուսին առաջին առաքեալներուն փորձառութիւնը` երբ անոնք եւս կ՛ապրէին փոքրամաս հասարակութեան մը պայմաններուն մէջ ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Գրեթէ 88 տարեկան ծերունի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը կը պատրաստուի իր Քահանայապետութեան 45րդ ճամբորդութեան որ կը հանդիսանայ նաեւ ամենաերկարը, որուն առիթով պիտի այցելէ Ասիական եւ Ովկիանիայի ցամաքամասերու չորս երկիրներ` Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուր։

Նորին Սրբութիւնը ճամբորդութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ երկուշաբթի օր` 2 սեպտեմբերին եւ զայն պիտի աւարտէ 13 սեպտեմբերին։

2020ին ծրագրուած ճամբորդութիւն

Այս ճամբորդութիւնը ծրագրուած էր 2020 թուականին սակայն Քորոնաժահրի տարածումին պատճառաւ յետաձգուեցաւ, Սրբազան Պապը սակայն ուզեց այժմ իրականացնել զայն հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ ճամբորդութեան երկարութեան ու ծանրութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետը, որ կ՛այցելէ Ինտոնեզիական կղզեխումբը, Սուրբ Պօղոս Զ Պապին 1970ին եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բին 1989ին կատարած առաքելական ճամբորդութիւններէն ետքը եւ պիտի ըլլայ երկրորդ Քահանայապետը, որ պիտի այցելէ Փափուա Նովա Կինէան, Թիմոր Լեսթը եւ Սինկափուրը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-էն ետքը։

Գոյութենական արուարձաններ

Խօսելով Նորին Սրբութեան վերոնշեալ ճամբորդութեան մասին Աւետարանութեան Վերատսեչութեան համա-Վերատեսուչ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, որ մաս պիտի կազմէ Քահանայապետին ընկերացող պատուիրակութեան, Ֆիտես լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Նորին Սրբութեան այս երկար ու յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւնը յանձն առնելը նշան է անոր հեզութեան» ու թէ ան «կը փափաքի քաջալերել կաթողիկէները հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ» ապա իր մօտիկութիւնը արտայայտել «գոյութենական արուարձաններուն մէջ» ապրողներուն։

«Սրբազան Պապը այդ երկիները պիտի այցելէ` այդ Պետութիւններու առաջնորդներու կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրներուն ի պատասխան, տրուած ըլլալով, որ Սրբազան Պապը զօրեղ խորհրդանիշ մըն է եղբայրական հոգիով մարդկային համակեցութեան եւ արարչագործութեան խնամքին համար» նկատել տուաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Թակլէն, որ ապա խօսեցաւ չորս երկիներուն իր տուած այցելութիւններու փորձառութեան մասին, հաստատելով, որ «Ասիական ցամաքամասը ինծի համար «աշխարհ մըն է կազմուած տարբեր աշխարհներէ»։

Այդ երկիրներու մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնները փոքրամասնութիւններ են ուր կը կրկնուի Յիսուսին առաջին առաքեալներուն փորձառութիւնը, երբ անոնք եւս կ՛ապրէին փոքրամաս հասարակութեան պայմաններուն մէջ:

Ինտոնեզիա եւ Փափուա Նովա Կինէա

Արդարեւ ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը Ինտոնեզեան մահմետական բնակչութեամբ աշխարհի ամենամեծ երկիրն է, ուր Կարդինալ Թակլէն կը յուսայ, որ Քահանայապետին այցը նոր սլացք տայ տարբեր կրօններու միջեւ հաւատացեալներու եղբայրութեան։ Ճամբորդութեան երկրորդ Երկիրը Փափուա Նովա Կինէան, երիտասարդ եկեղեցի մըն է, որ տիեզերական Եկեղեցւոյ նուիրեց մարտիրոս մը` Փիթըր Թօ Ռոթը, որ կրօնուսոյց մըն էր։ Այս Երկրին մէջ բնութիւնը անաղարտ է ե ուր ապականութիւնը չէ տարածուած եւ շնորհիւ իրենց տոհմային իմաստութեան անոնք կարողացած են ներդաշնակութիւն պահպանել բնութեան հետ և կարող են տակաւին ըմպելի ջուրը հայթայթել անմիջապէս գետէն: Բան մը որ մենք, այսպէս կոչուած, զարգացած երկրներ` այլեւս չունինք» դիտել տուաւ Կարդինալ Թակլէն։

Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուր

Խօսելով ապա Թիմոր Լեսթի մասին ծիրանաւորը հետաքրքրական նկատեց այն երեւոյթը որ Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ նախ Ինդոնեզիան ապա Թիմոր Լեսթը` երկու երկիրներ որոնք ունեցած պայքարի պատմութիւն եւ որ այժմ կ՛ապրին խաղաղութեամբ։ Այնտեղ տեղական Եկեղեցւոյ կապը Պետութեան հետ շատ լաւ է եւ Եկեղեցին ունեցաւ կարեւոր դերակատարութիւն մը անկախութեան պատերազմին առիթով։ Թիմոր Լեսթի բնակիչները կը հաստատեն, որ Քրիստոսի մէջ իրենց հաւատքը անոնց թիկունք կանգնեցաւ անկախութեան ի սպաս պայքարի տարիներու ընթացքին։

«Սինկափուրը աշխարհի ամենաշատ հարուստ երկիներէն մին է եւ Կառավարութիւնը բոլոր կրօններուն կ՛երաշխաւորէ կրօնի ազատութիւնը, ուր որեւէ կրօնի դէմ արհամարհանք կ՛արժանանայ խստագոյն պատիժի» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Թակլէ խօսելով Սրբազան Պապին առաքելական ճամբորդութեան չորրորդ ու վերջին հանգրուանի մասին։

Կարգախօսներ

Քահանայապետին հետ պիտի ճամբորդեն գրեթէ 85 լրագրող։ Ճամբորդութեան կարգախօսներն են. Ինտոնեզեայի համար. Հաւատք, եղբայրութիւն, կարեկցութիւն։ Փափուա Նովա Կինէայի համար. «Աղօթէ» ներշնչուած առաքեալներուն Յիսուսի ուղղած խնդրանքէն «Տէր մեզի աղօթել սորվեցուր. (Ղուկաս 11,1)։ Թոմոր Լեսթի կարգախօսն է. «Թող քու հաւատքդ ըլլայ քու մշակոյթդ», որպէս խրախուսանք հաւատքը ապրելու մշակոյթի հետ ներդաշնակութեամբ։ Իսկ ի վերջոյ Սինկափուրի կարգախօսն է «Յոյս». որ կը յիշեցնէ, թէ Առաքելական ճամբորդութիւնը յոյսի փարոս պիտի դառնայ տարածաշրջանի քրիստոնեաներուն համար, յատկապէս անոնց` որոնք ենթարկուած են խտրականութեան եւ հալածանքի։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2024, 11:26