Որոնել

General view of the Basilica of Santa Maria Maggiore in Rome

«Ձիւնի Տիրամօր» տօնին առիթով Քահանայապետը կ՛այցելէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը

Այսօր Երկուշաբթի, 5 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապը յետմիջօրէին ժամը 5,30ին,յետմիջօրէին ժամը 5,30ին, անգամ մը եւս պիտի այցելէ «Սանթա Մարիա Մաճորէ» տաճար տօնին առիթով այնտեղ նախագահելով տաճարին Նուիրագործման տարեդարձին եւ «Ձիւնի Տիրամօր» նուիրուած հանդիսաւոր ժամասացութեան արարողութեան որուն աւարտին պիտի յիշատակուի Հռոմի մէջ տեղի ունեցած ձիւնի հրաշքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի մէջ, աւելի քան 100 եկեղեցիներ նուիրուած են Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Անոնցմէ ամենէն մեծն ու հռչակաւորը` «Սանթա Մարիա Մաճճորէ», այսինքն Աւագ Տիրամօր նուիրուած Քահանայապետական Պազիլիքան է, ուր Ֆրանչիսկոս Պապ սովոր է երթալ ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու ճամբորդութենէն վերադարձին

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը նկատուած է արեւմուտքի ամենէն հին մարեմեան տաճարը, կառուցուած Սիքստոս Գ. Քահանայապետի կողմէ, Եփեսոսի ժողովէն (431 թուական) քիչ յետոյ, ուր Մարիամ հռչակուած էր իբր «Աստուածամայր»։

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը ժամանակին կոչուած էր նաեւ Լիպերեան տաճար, որովհետեւ Լիպերիոս քահանայապետը (352-366) հեթանոսական այդ տաճարը դարձուցած է  քրիստոնէական պազիլիքայ։

Աւանդութեան համաձայն  Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարի շինութիւնը կարելի եղած է հրաշքի մը բերումով։

Լիպերիոս Քահանայապետը տեսիլք մը ունեցած է ու այդ տեսիլքին մէջ անոր հրահանգուած է եկեղեցի մը կառուցել Աստուածամօր ի պատիւ, Էսքուիլինօ կոչուած բլուրին վրայ։ Այդ տեսիլքին որպէս փաստ` Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգոստոս 5-ին, տաք գիշերուան ընթացքին, էսքուիլինօ բլուրին վրայ ձիւն տեղացնել կու տայ։

Այս երեւոյթին դիմաց, Լիպերիոս Քահանայապետը սահմանագծել կու տայ հողը, որուն վրայ կը բարձրանայ Սրբուհի Մարիամին նուիրուած այսօրուան աւագ տաճարը, որ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն «Ձիւնի Տիրամօր տաճար» եւ ուր պահպանուած է նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբանկարը։

Ահա ճիշտ ասոր համար է, որ ամէն տարի օգոստոս 5ին կը յիշատակուի Ձիւնի Տիրամօր տօնը, հանդիսաւոր արարողութեամբ ու արուեստական յայտագիրով։

Այսօր Երկուշաբթի, 5 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապը յետմիջօրէին ժամը 5,30ին, անգամ մը եւս պիտի այցելէ «Սանթա Մարիա Մաճորէ» տաճար տօնին առիթով այնտեղ նախագահելով տաճարին Նուիրագործման տարեդարձին եւ «Ձիւնի Տիրամօր» նուիրուած հանդիսաւոր ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն աւարտին պիտի յիշատակուի Հռոմի մէջ տեղի ունեցած ձիւնի հրաշքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2024, 11:44