Սրբազան Պապին Մարեմեան աղօթքի աւարտին ուղղած կոչերը եւ ողջոյնի խօսքերը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 4 Օգոստոս 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով աղօթքին առիթով հրապարակ համախմբուած հաւատացեալներուն նախ յիշեց անցեալ ուրբաթ օր Լիբանանի մէջ Երանելի հռչակուած Պատրիարք Ստեֆան Տուէյհին` որ, ըսաւ Քահանայապետը, «իմաստութեամբ առաջնորդեց Մարոնի Եկեղեցին 1670էն մինչեւ 1704, դժուար ժամանակահատուածի մը ընթացին, որ յատկանշուած էր նաեւ հալածանքներով»։
Երանելի Պատրիարք Ստեֆան Տուէյհի
«Ան եղաւ Հաւատքի վարդապետ եւ հոգատար հովիւ, յոյսի վկայ ու միշտ մօտիկ իր ժողովուրդին» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ «Լիբանանցի ժողովուրդը կը տառապի այսօր եւս» յատուկէն յիշելով Պէյրութի Նաւահանգիստի պայթումի զոհերն ու անոնց ընտանիքները եւ «արդարութիւն ու ճշմարտութիւն» պահանջելով այդ դէպքին համար։
«Թող նոր Երանելին թիկունք կանգնի Լիբանանի Եկեղեցւոյ հաւատքին ու յոյսին եւ բարեխօս ըլլայ այդ սիրեցեալ Երկրին», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ծափահարութիւն խնդրելով նոր Երանելիին համար։
Միջին Արեւելքը
Քահանայապետը հուսկ նշեց, թէ մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի ՄիջիՆ Արեւելքի մէջ պատահածին ու կը մաղթէ որ հակամարտութիւնը աւելիով չտարածուի։
«Կ՛աղօթեմ, ըսաւ Ան, բոլոր զոհերուն համար, յատուկէն անմեղ մանուկներուն համար ու մօտիկութիւն կ՛արտայայտեմ Սուրբ Երկրի Տիւրզի համայնքին ու Պաղեստինի, Իսրայէլի ե Լիբանանի բնակչութեան»։
Կոչ` Երկխօսութեան
«Չմոռնանք Միանմարը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, կոչ ուղղելով քաջութիւն ունենալ երկխօսութիւնը վերսկսելու, որպէսզի զինադադար հաստատուի Կազայի մէջ ու բոլոր ճակատներուն վրայ, ազատ արձակուին պատանդները, ու մարդասիրական օգնութիւն մատուցի բնակչութեան։
Մի խեղդէք Խաղաղութեան Աստուծոյ բառը
«Յարձակումներն ու սպանդները երբեք լուծում չեն կարող ըլլալ։ Անոնք չեն օգներ արդարութեան ուղեւորութեան, խաղաղութեան ուղեւորութեան, այլ կը յառաջացնեն յաւելեալ ատելութիւն ու ոխ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց «Կը բաւէ, մի խեղդէք Խաղաղութեան Աստուծոյ բառը այլ թոյլ տուէք որ ան ըլլայ Սուրբ Երկրին, Միջին Արեւելքին ու համայն աշխարհին ապագան»
Վենեզուելլա
«Պատերազմը պարտութիւն է» կրկնեց անգամ մը եւս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Վենեզուելլայի մէջ ստեղծուած լարուած իրավիճակին ու այս առնչութեամբ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն, որոնելու ճշմարտութիւնը, խուսափելու բռնութիւններէն ու ի սիրտ ունենալու ժողովուրդին իսկական բարիքը եւ ոչ թէ անձնական շահերը։
Մօտիկութիւն Քերալայի բնակչութեան
«Այս Երկիրը վստահինք Քորոմոթոյի Սուրբ Կոյս Մարիամի Բարեխօսութեան եւ Երանելի Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտէսին» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու իր մօտիկութիւնը ուզեց յայտնել նաեւ Հնդկաստանի եւ ի մասնաւորի Քերալայի բնակչութեան որ թիրախ դարձած է ողողումներու, որոնք պատճառեցին աւերներ ու մարդկային կեանքի կորուստներ։
«Կը հրաւիրեմ ձեզ միանալու իմ աղօթքիս բոլոր անոնց համար, որոնք կեանքը կորսնցուցին ու բոլոր այն անձերուն, որոնք կը տառապին այս բնական աղէտի հետեւանքէն» եղաւ Նորին Սրբութեան հրաւէրը։
Ժողովրդապետներու տօնը
Ան ապա յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Քիւրէ Տ՛արսին տօնը, որ է նաեւ ժողովրդապետներուն տօնը եւ ասկէ մեկնելով իր մօտիկութիւնն ու երախտապարտութիւնը արտայայտեց բոլոր ժողովրդապետներուն, որոնք նուիրումով եւ վեհանձնութեամբ կը հիւծուին Աստուծոյ եւ ժողովուրդին համար։
Նորին Սրբութիւնը բարեւեց ապա հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով Փորթուկալի Ֆաթիմա քաղաքին մէջ կայացած երիտասարդներու առաջին փառատօնին, երիտասարդներուն ապահովեցնելով իր աղօթքները ու խնդրելով, որ անոնք եւս աղօթեն իրեն համար` Յայտնութիւններու Մատրան մէջ։
Քահանայապետը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրեց իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ