Որոնել

Pope Francis' Angelus prayer in Vatican

Խաղաղութեան Թագուհի Մարիամին կը վստահիմ ժողովուրդներուն ցաւերը. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մեր Երկնային Մայրը բոլորի համար ընդունի մխիթարութիւն եւ հաշտութեան ու անդորր ապագայ մը» ըսաւ Քահանայապետը յայտնելով, որ «մտահոգութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ Կազայի մէջ մարդասիրական ծանր իրավիճակին» այս առնչութեամբ կոչ կ՛ուղղելով, որ «դադրի կրակոցը բոլոր ճակատներու վրայ, ազատ արձակուին պատանդները եւ օգնութիւն մատուցուի հիւծուած բնակչութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խաղաղութեան Թագուհի Մարիամին, որուն մասին այսօր կը խոկանք դրախտի փառքին մէջ, կ՛ուզեմ անգամ մը եւս վստահիլ անձկութիւններն ու ցաւերը այն ժողովուրդներուն, որոնք աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կը տառապին ընկերային լարուածութիւններու եւ պատերազմներու պատճառաւ», այս խօսքերով է, որ Նորին Սրբութիւնը սկսաւ Վերափոխման տօնին առիթով Մարեմեան աղօթքէն ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն ուղղած խօսքը յատուկէն յիշելով Ուքրանիան, Միջին Արեւելքը, Պաղեստինն ու Իսրայէլը, Սուտանը ու Միանմարը։

Միջին Արեւելքի ողբերգութիւնը 

«Մեր Երկնային Մայրը բոլորի համար ընդունի մխիթարութիւն եւ հաշտութեան ու անդորր ապագայ մը» ըսաւ Քահանայապետը յայտնելով, որ «մտահոգութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ Կազայի մէջ մարդասիրական ծանր իրավիճակին», այս առնչութեամբ կոչ կ՛ուղղելով, որ «դադրի կրակոցը բոլոր ճակատներու վրայ, ազատ արձակուին պատանդները եւ օգնութիւն մատուցուի հիւծուած բնակչութեան»։

Հրադադարի կոչ

«Բոլորը կը քաջալերեմ կատարելու ամէն ջանք, որպէսզի հակամարտութիւնը չընդլայնանայ եւ քալելու բանակցութեան ուղիին վրայ, որպէսզի այս ողբերգութիւնը արագ կերպով աւարտի» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը անգամ մը եւս շեշտելով` թէ «պատերազմը պարտութիւն է»։

Յունաստանի հրդեհը

«Մտածումս կ՛երթայ այժմ Յունաստանին, որ այս վերջին օրերուն կը պայքարի ծանր հրդեհի մը դէմ, որ բռնկեցաւ Աթէնքի հիւսիս արեւելեան շրջանին մէջ։ Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ արդեն արտահանուեցան, բազմաթիւ ընտանիքներ մնացին անօթևան, հազարաւոր մարդիկ ստիպուած են դիմակայել սարսափելի դժուարութիւններու, և, բացի նիութական հսկայական վնասներէն կը ստեղծուի բնապահպանական աղէտ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր աղօթքները վստահեցնելով « բոլոր զոհերուն ու վիրաւորներուն համար» եւ մօտիկութիւն արտայայտելով «անոնց` որոնք թիրախ են այս ծանր իրադարձութեան, մաղթելով, որ անոնց թիկունք կանգնի միասնական զօրակցութիւնը»։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա բոլորին մաղթեց Վերափոխման բարի տօն, խնդրելով` որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2024, 12:49