Ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը պէտք է գերակայեն. Սրբազան Պապը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հարազատներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 26 օգոստոս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական իր օրակարգը սկսաւ առաքելական պալատէն ներս ընդունելով Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակ Գերապ. Փաոլօ Պորճա, որմէ ետք ընդունեց Էքուատորի նորանշանակ դեսպանը, հուսկ Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունելէ առաջ Օպլաթի միաբանութեան ընդհանուր ժողովին մասնակցողները, Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց` Գերապ. Պորճայի գլխաւորութեամբ Լիբանանէն ժամանած երեսուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան, 2020ի 4 օգոստոսին պատահած Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն, որոնց շարքին էին նաեւ հայ ազգի զաւակ, Լիբանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դուստր Ճեսսիքա Պէզճեանի հարազատները։
Ճշմարտութեան եւ արդարութեան պահանջ
Ներկաներուն ուղղած իր սրտի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ինք յուզմունքով կը հանդիպի անոնց, աւելցնելով, թէ աղօթած է, ըլլայ իրենց համար ըլլայ իրենց հարազատներուն համար, միացնելով իր արցունքները անոնց արցունքներուն, եւ այսօր, շարունակեց Ան, «շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ անձամբ կարող եմ ձեզի արտայայտել իմ մօտիկութիւնս»։
«Այսօր ձեզի հետ կը յիշեմ այն բոլոր անձերը` որոնց կեանքը խլեց այդ սարսափելի պայթումը։ Երկնաւոր Հայրը կը ճանչնայ անոնց դէմքերը, մի առ մի, Անոր առջեւն են այժմ։ Եւ Երկինքէն կը տեսնեն ձեր մտահոգութիւնները ու կ՛աղօթեն, որպէսզի անոնք վերջ գտնեն», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց, թէ անոնց հետ միասին կը պահանջէ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն։
«Ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը որոնք տակաւին չեն յայտնաբերուած» յարեց Ան եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ «հարցը խնդրայարոյց է», ուր «կը գերակշռեն իրար հակասող ուժեր եւ շահեր», բայց, ըսաւ Ան, պէտք է որ «ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը գերակայեն ամէն բանի վրայ» եւ չորս տարիներ ետք լիբանանցի ժողովուրդը եւ ամէնէն առաջ ներկաները, իրաւունք ունին, որ բացայայտուին պատասխանատուութիւնները։
Պատերազմը քաղաքականութեան և մարդկութեան ձախողութիւն
Նորին Սրբութիւնը ցաւ արտայայտեց նաեւ այն բոլոր անմեղ զոհերուն համար, որ կը պատճառէ պատերազմը, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ եւ որուն գինը կը վճարէ նաեւ Լիբանանը։ «Իւրաքանչիւր պատերազմ աշխարհը կը թողու աւելի վատ քան առաջ: Պատերազմը քաղաքականութեան և մարդկութեան ձախողութիւնն է, ամօթալի յանձնում, պարտութիւն չարի ուժերուն առջև» (Fratelli tutti, 261), հաստատեց ապա Սրբազան Պապը Երկինքէն հայցելով խաղաղութիւն` Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի համար:
Լիբանանը պատգամ եւ խաղաղութեան ծրագիր
«Լիբանանը է եւ պէտք է մնայ խաղաղութեան ծրագիր։ Չմոռնանք այն ինչ, որ ըսած էր Քահանայապետ մը. «Լիբանանը պատգամ է եւ այդ պատգամը խաղաղութեան ծրագիր է։ Անոր կոչումն է ըլլալ երկիր մը` որտեղ տարբեր համայնքներ միասին կ՛ապրին, առանձնայատուկ առաւելութիւններէն առաջ դասելով ընդհանուր բարիքը, որտեղ տարբեր կրօններն ու դաւանանքները իրար կը հանդիպին եղբայրութեան մէջ» եղան Նորին Սրբութեան ճառին գաղափարներէն մին։
Ձեզ երբեք միայնակ պիտի չթողունք` մեր յոյսը Աստուած է
Ան ապա ներկաներուն ուզեց անգամ մը եւս հաւաստիացնել որ միայն իր այն նաեւ համայն Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ լիբանանի տեղական եկեղեցիներու Հովիւներուն ու հաստատելով «դուք միայնակ չէք, եւ երբեք միայնակ պիտի չթողունք ձեզ, եւ ձեզի հետ զօրակից պիտի ըլլանք աղօթքի եւ շօշափելի սիրոյ միջոցաւ»։
Նորին Սրբութիւնը ճառին վերջին հատուածը նուիրեց Լիբանանի խորհրդանիշ մայրիի ծառին։ «Մայրիները մեզ կը հրաւիրեն մեր հայեացքը բարձրացնելու դէպի վեր, դէպի Երկինք, մեր յոյսը Աստուած է, յոյս` որ յուսախաբ չի թողուր» ըսաւ Ան ապա հայցեց Հարիսայի Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի հսկէ ներկաներուն ու համայն լիբանանի ժողովուրդին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ