Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Սրբուհի Մոնիքայի տօնին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր կէսօրէն ետքը, Սրբուհի Մոնիքայի տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Հռոմի Սուրբ Օգոստինոսի եկեղեցին, ուր կանգ առաւ աղօթելու այն մատրան մէջ, ուր կը պահուին սրբուհի Մոնիքային աճիւնները, այնուհետև՝ աղօթեց նաեւ Ուխտաւորներու Տիրամօր պատկերին առջեւ»։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր կը նշուի, որ «Եկեղեցիի մուտքին Քահանայապետը ողջունեց Ակոսթինեան հայրերը, մայրապետները եւ այնտեղ ներկայ գտնուող ուխտաւորները, ապա վերադարձ կատարեց Վատիկան»։
Աւելի ուշ Վատիկանի Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ակոսթինեան Միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար` Հայր Փասքուալէ Տի Լերնիա նշեց) որ Քահանայապետը մեծ ջերմեռանդութիւն ունի Սրբուհի Մոնիքայի հանդէպ, ջերմեռանդութիւն` զոր ան որդեգրած է իր մօրմէն։
Հայր Տի Լերնիա յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Պազիլիքա ժամանեց կէսօրէն ետքը ժամը չորսին մօտերը եւ ողջունելէ ետք վանքին մեծաւորը այցելեց Սրբուհի Մոնիքայի մատուռը, ուր աղօթեց լռելեան։ Ան ապա այցելեց Ուխտաւորներու Տիրամօր մատուռը, մինչ Եկեղեցին կը լեցուեր ուխտաւորներով։
«Սրբազան Պապին այս այցելութիւնը մեզ կը վերահաստատէ հաւատքին մէջ...կը հաստատէ հետեւելու համար որոշ արժէքներու։ Սրբուհի Մոնիքան հետեւողական կին մըն էր, կին մը, որ միշտ ներկայ եղած էր զաւակներու կեանքին մէջ, նման այսօրուայ բազմաթիւ մայրերու»։
«Սրբուհի Մոնիքան մեզի կը սորվեցնէ` թէ Տէրը մտիկ կ՛ընէ, մտիկ կ՛ընէ հեզերու աղօթքներուն, մտիկ կ՛ընէ աղօթքներուն անոնց` որոնք հաւատարմութեամբ, վճռակամութեամբ Տիրոջմէ կը հայցեն բարիի պտուղներ...հաւանական է որ Քահանայապետը բարիի պտուղներ խնդրեց Եկեղեցւոյ համար, համայն մարդկութեան համար, յատկապէս խաղաղութեան հասնելու համար։ Մոնիքան խաղաղութեան կին էր, ան ունէր կարողութիւնը խաղաղութիւն սերմանելու իր յաճախած միջավայրերուն մէջ» ըսաւ Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Ակոսթինեաններու Միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար` Հայր Փասքուալէ Տի Լերնիա։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ