Որոնել

2024.08.03 Seminario Maggiore di Getafe

Ֆրանչիսկոս Պապ սպանացի նորընծաներուն. Ունկնդրել, ներել եւ առաջնութիւն տալ աղքատներուն

Ընդունելով Սպանիայի «Getafe»ի աւագ նորընծայարանի հասարակութիւնը Քահանայապետը յիշեցուց, որ քահանայութիւնը «պարգեւ» է հրաւիրելով ապագայ քահանաները «յատուկ նախասիրութիւն ցուցաբերելու անոնց որոնք աւելիով կը տառապին, Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէի օրինակով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եթէ լաւապէս հասկնայինք թէ ի՞նչ է քահանայութիւնը երկրի վրայ, պիտի մեռնէինք, ոչ թէ վախէն  այլ սիրոյ հետեւանքէն»։ Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյի այս միտքը, որուն ծիսական տօնը կը նշուի վաղը` 4 օգոստոսին, առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին սպաներէն լեզուով ճառին, զոր Ան յանձնեց «Առաքեալներու Տիրամայր» աւագ նորընծայարանի հասարակութեան անդամներուն, որոնք այսօր` շաբաթ 3 օգոստոսին առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Յիսուն ապագացու քահանաները արդարեւ ընկալուեցան Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ իրենց ուսուցչական կազմի անդամներուն հետ, իրենց Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու շիրիմին կատարած ուխտագնացութեան առիթով։

Գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը խրախուսէ ապագացու քահանաները լաւապէս պատրաստուելու «քահանայութեան պարգեւին», զգուշացնելով, որ Յիսուսի նմանութեամբ ճանապարհորդութիւնը զերծ չէ դժուարակրութիւններէ ու ասոր համար է որ նորընծաները պէտք է խնամք տանիլն չորս հիմնական իրողութիւններու որոնք են` հոգեւոր կեանքը, ուսմունքը. Հասարակական կեանքը եւ առաքելական գործունէութիւնը։

Քահանայապետը անհրաժեշտ կը նկատէ ի միտ ունենալ այս չորս իրականութիւնները ու անոնց միջեւ ներդաշնակութիւնը, համապատասխանելու համար Տիրոջմէ ստացած կոչումին, միշտ տրամադիր ըլլալով ունկնդրութեան, եւ ներումին, պատրաստ մինչեւ վերջ ապրելու նուիրումը Աստուծոյ եւ եղբայրներուն ի սպաս, յատուկ նախասիրութիւն ցուցաբերելով անոնց, որոնք աւելիով կը տառապին` աղքատներն ու բացառուածները։

Քահանայապետը ապա Տիրոջմէ կը հայցէ, որ դառնայ անոնցմէ իւրաքանչիւրի կեանքին կեդրոնը, անոնց սրտերը ձեւաւորելով իր սրտին համաձայն, ու կը խրատէ` որ միշտ մօտիկ մնան Յիսուսի սրտին։

Ճառին աւարտին, Ան մաղթեց, որ  այս «Հռովմէական ուխտագնացութիւնը», զանոնք օգնէ «հոգևոր պատրաստութեան մէջ ուրախութեամբ նշելու» 2025թ մօտալուտ յոբելեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2024, 12:25