Մէկ սեպտեմբերին կը յիշատակուի Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ասկէ ինը տարիներ առաջ` 6 օգոստոս 2015 թուակիր նամակով Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց «Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրը», որ ունի համամիութենական բնոյթ տրուած ըլլալով, որ ան կը յիշատակուի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ հետ միասին ամէն տարուայ մէկ սեպտեմբերին։ Այս տարուայ Օրուան պատգամին բնաբանն է «Յուսայ եւ գործէ արարչագործութեան հետ»։ Պատգամ` որուն ներկայացումը կատարուեցաւ անցեալ 27 Յունիսին եւ որուն մէջ Սրբազան Պապը կը դատապարտէ անարդարութիւնները, բնութեան շահագործումը եւ «եղբայրասպան» պատերազմները, որոնք կը սպանեն եւ կը քանդեն, ապա կը խրախուսէ բարոյական սահմաններ դնելու արհեստական բանականութեան ի տես այն վտանգին, որ ան օգտագործուի «տիրապետութիւն բանեցնելու մարդու և բնութեան վրայ» փոխան խաղաղութեան և զարգացման։
Յուսայ եւ գործէ արարչագործութեան հետ
Ասոր համար է, որ Սրբազան Պապը կը շեշտէ յոյսին կարեւորութիւնը, որպէս ճանապարհ ներդաշնակութիւն հաստատելու մարդուն ու բնութեան միջեւ «Յուսայ եւ գործէ արարչագործութեան հետ»։ Յոյս, որպէսզի ջախջախուած չմնանք «աշխարհի չարիքին» տակ, անարդարութեան ու «բազմաթիւ եղբայրասպան պատերազմներուն հետեւանքով, որոնց պատճառով կը մահանան երեխաներ եւ կը կործանուին քաղաքները ու կ՛ապականի մարդու կենսական միջավայրը»... քանի` որ յոյսը մեզ գիտակից կը դարձնէ այն իրականութեան, որ «ամբողջ տիեզերքը և իւրաքանչիւր արարած անհամբեր կը հառաչէ և տենչայ», յաղթահարելու ներկայ վիճակը և վերահաստատելու սկզբնականը, այսինքն՝ Ադամի մեղքէն առաջ եղածը։
Համամիութենական բնոյթ ունեցող աղօթքի օր
Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրը ինչպէս վերեւ նշեցինք հաստատուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2015ին ներշնչում քաղելով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան նմանօրինակ աղօթքի օրէն։
«Որպէս քրիստոնեաներ, կ՝ուզենք մեր նպաստը տալ, բնապահպանման տագնապը գերազանցելու համար...որուն համար, նախ եւ առաջ պէտք է որ, մեր հոգեւոր հարուստ ժառանգութենէն քաղենք այն դրդապատճառները, որոնք կը սնուցանեն արարչագործութեան խնամքի հանդէպ սէրը… Ապրիլ կոչումը՝ Աստուծոյ արարչագործութեան պահակները ըլլալու, էական մաս կը կազմէ առաքինական գոյութենականութեան, անիկա այլընտրանքի մաս չի կազմեր ոչ իսկ երկրորդական կը համարուի քրիստոնէական փորձառութեան» գրած էր ի միջի այլոց նամակին մէջ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան տարեկան համաշխարհային աղօթքի օրը, մեզի ՝ իւրաքանչիւր հաւատացեալի, հասարակութիւններու, թանկարժէք առիթ պիտի ըլլայ վերանորոգելու անհատական հակումը հանդէպ՝ արարչագործութեան խնամքի յատուկ կոչումին, երախտագիտութիւն յայտնելով Աստուծոյ շքեղ , հրապուրիչ ստեղծագործութեան համար , որ մեր հովանիին յանձնեց, հայցելով Աստուծոյ օգնութիւնը արարչագործութեան պահպանման ի խնդիր եւ Անոր ողորմութիւնը, աշխարհի դէմ մեր գործած մեղքերուն համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ