Որոնել

Յանձնառու ըլլանք պայքարելու աղքատութեան դէմ եւ պաշտպանելու բնութիւնը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, որուն մէջ Քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթելու Երկրի աղաղակին համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Աղօթենք Երկրի աղաղակին համար» այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը, զոր ներկայացուեցաւ այսօր` 30 օգոստոսին տարածուած լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ, որուն մէջ Քահանայապետը կը հաստատէ` թէ «Երկիրը տաքութիւն ունի ու հիւանդ է», անոր համար պահանջելով «պատասխաններ, որոնք ոչ միայն բնապահպանական ըլլան, այլեւ ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական»։

Նորին Սրբութեան վերոնշեալ այս կոչը մաս կը կազմէ «Արարչագործութեան Ժամանակի»ն որուն առիթով Եկեղեցին աւանդաբար շարժումի մէջ կը դնէ ինքզինք` խորհրդածելու համար հասարակաց տան խնամքի մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը խնդրէ ունկնդրել «Երկրին աղաղակը», որ է նաեւ աղաղակը բնական աղէտներու միլիոնաւոր զոհերուն։

Արդարեւ տեսերիզին մէջ ցոյց կը տրուին աշխարհը յուզող բնական աղէտներէն տեսարաններ, փոթորիկներ, հրդեհներ, ծովաշարժներ, երաշտ, հալող սառոյցներ... որոնք հետեւանք են բնապահպանական ճգնաժամին, որուն պատճառաւ ամենաշատ տառապողները` աղքատներն են, անոնք` որոնք աղէտներու պատճառաւ ստիպուած են թողուլ տուն եւ ունեցուածք եւ հեռանալ։

Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի տուեալներէն ի յայտ կու գայ, թէ ցած եկամուտ ունեցող երկիրները կ՛արտադրեն արտանետումներու մէկ տասներորդը, բայց եւ այնպէս անոնք կը մնան կլիմայի փոփոխութիւնէն ամենաշատ տուժողները։

Կ՛ենթադրուի, որ մինչև 2050 թուական կլիմայի անվերահսկելի փոփոխութիւնը աւելի քան 200 միլիոն մարդ պիտի մղէ գաղթականութեան, մինչ 130 միլիոն մարդ պիտի մղուի աղքատութեան։

Քահանայապետին համար «աղքատութեան դէմ պայքարը» եւ «բնութեան պաշտպանութիւնը» երկու զուգահեռ ճանապարհներ են, որոնց համար պէտք է փոխենք մեր ու մեր հասարակութիւններուն սեփական սովորութիւնները»։

Մարդս` որ բնապահպանական ճգնաժամին զոհն է, կարող է ըլլալ նաեւ փոփոխութեան ճարտարապետը եւ այս մէկը ցոյց կը տրուի տեսերիզին մէջ առաջարկելով զանազան դարմաններ։

«Արարչագործութեան Ժամանակը» որ ձեռնարկն է Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան սկիզբ կ՛առնէ մէկ սեպտեմբերին եւ կ՛աւարտի չորս հոկտեմբերին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը` բնապահպանութեան պաշտպան սուրբը։

Ահա Քահանայապետին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը.

«Աղօթենք Երկրին աղաղակին համար։

Եթէ չափենք մոլորակի ջերմութիւնը, ան մեզի պիտի ըսէ, որ Երկիրը տաքութիւն ունի։

Հիւանդ է, նման որեւէ հիւանդի։

Բայց արդեօ՞ք մենք կ՛ունկնդրենք այդ ցաւը։ Մտիկ կ՛ընե՞նք բանկան աղէտներու միլիոնաւոր զոհերու ցաւին։

Անոնք` որոնք աւելիով կը տառապին այս աղէտներու հետեւանքներէն, աղքատներն են, անոնք, որոնք ստիպուած են լքել իրենց տուները ջրհեղեղներու, տաքութեան աստիճանի բարձրացումի եւ երաշխի պատճառաւ»։

Մարդուն պատճառուած բնապահպանական ճգնաժամը դիմակայելը, ինչպէս է կլիմայական փոփոխութիւնը, ապականացումը ու կենսաբազմազանութեան կորուստը, կը պահանջէ պատասխաններ, որոնք ոչ միայն բնապահպանական պէտք է ըլլան, այլ նաեւ` ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական։

Պէտք է, որ յանձնառու ըլլանք պայքարելու աղքատութեան դէմ եւ պաշտպանելու բնութիւնը, փոխելով մեր անձնական ու հասարակական սովորութիւնները։

Աղօթենք` որպէսզի իւրաքանչիւրս սրտով մտիկ ընէ Երկրի ու բնական աղէտներու եւ կլիմայական ճգնաժամի աղաղակին, անձամբ պարտաւորուելով պաշտպանել այն աշխարհը, ուր կ՛ապրինք։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2024, 16:00