Որոնել

Սուրբ Պատարագ (արխիւ) Սուրբ Պատարագ (արխիւ) 

«Բոլորին տարէք Տիրոջ մէջ յոյսը» Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Մատակասկարի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան ազգային Համագումարին

«Երբ Քրիստոսի կը հանդիպինք Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութեան մէջ, երբ Անոր կը դպչինք ու զայն կ՛ընդունինք Սուրբ Զոհի ընթացքին, այլեւս կարելի չէ զայն պահել միայն մեզի համար, այլ կը դառնանք անոր սիրոյ միսիոնարներ միւսներուն մօտ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 23 օգոստոս 2024ին ֆրանսերէն գրաւոր պատգամ մը յղեց Մատակասկարի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ Գերապ. Մարի Ֆապիէն Ռահարիլամպոնիյնային Մատակասկարի մէջ նշուող Սուրբ Հաղորդութեան ազգային Համագումարին առիթով, որ այս տարի կը զուգադիպի «Երիտասարդներու Սուրբ Հաղորդութեան շարժումի» հարիւրամեակի տօնախմբութեան։

Երիտասարդներն ու համայն հաւատացեալները առաջնորդել դէպի էականը

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը միանայ համագումարի մասնակցողներու աղօթքին ապա կը քաջալերէ ձեռնարկը, որուն նպատակն է «երիտասարդներն ու համայն հաւատացեալները առաջնորդել դէպի էականը, զանոնք օգնելով վերագտնելու Սուրբ Հաղորդութեան Պաշտամունքի իմաստը եւ Քրիստոսի հետ ժամանակ անցնելու անուշութիւնը»։

Երբ Քրիստոսի կը հանդիպինք այլեւս կարելի չէ զայն պահել միայն մեզի համար

Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ, որ այս համագումարը «օգնէ վերագտնելու հանդիպումի կարեւորութիւնը, աղօթելու եւ յանձնառու ըլլալու միւսներուն ի նպաստ» նշելով, որ «երբ Քրիստոսի կը հանդիպինք Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութեան մէջ, երբ Անոր կը դպչինք ու զայն կ՛ընդունինք Սուրբ Զոհի ընթացքին, այլեւս կարելի չէ զայն պահել միայն մեզի համար, այլ կը դառնանք անոր սիրոյ միսիոնարներ միւսներուն մօտ», կը գրէ Սրբազան Պապը եւ ասկէ մեկնելով կը հրաւիրէ «Սուրբ Հաղորդութեան Երիտասարդական շարժումի» անդամները, որոնք կը նշեն իրենց հարիւրամեակը, օգնելու իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն, որպէսզի «փորձարկեն Յիսուսի ներկայութիւնը Սուրբ Հաղորդութեան մէջ»։

Մշակել զօրակցութեան ու սիրոյ զգացումներ

«Օգնեցէք զանոնք նաև իրենց կեանքը մատուցելու Աստուծոյ՝ միացած Խորանի վրայ ընծայուած Յիսուսին, որպէսզի զԻնք միշտ աւելիով լաւ ճանչնան, սիրեն և ծառայեն» կը խրախուսէ Նորին Սրբութիւնը մաղթելով, որ Սուրբ Հաղորդութեան այս ազգային համագումարը օգնէ իւրաքանչիւրին, մշակելու` զօրակցութեան ու սիրոյ զգացումներ բոլորի նկատմամբ ու յատկապէս անոնց նկատմամբ, որոնք կ՛ապրին դժուարութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2024, 15:30