Որոնել

Եւրոպայի դրօշակը Եւրոպայի դրօշակը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Եւրոպայի մէջ ժողովրդապաշտական ալիքը կը վերացնէ եղբայրութեան սկզբունքները

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Աւստրիոյ Ալպախ քաղաքին մէջ գումարուած վեհաժողովին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղելով Աւստրիոյ «Ալպախ» քաղաքին մէջ գումարուած վեհաժողովի մասնակիցներուն իր մտահոգութիւնները կիսեց այն աճող շարժումներու գծով, որոնք վտանգի ենթարկուած են տկարները անտեսելու պատճառով։

17էն մինչեւ 30 օգոստոսին գումարուող ժողովին մասնակիցներուն յղած Քահանայապետին պատգամին սիրտը եղաւ Եւրոպայի մէջ զսպել այն ժողովրդապաշտական ուժերը ու ամէն բեւեռացում որ կը ցրուէ Միութեան հիմնական արժէքները։

Նշենք, որ Ալպախի ժողովը հարթակ մըն է, որ կը միացնէ հին ցամաքամասին երիտասարդներն ու աշխարհի բոլոր երիտասարդները՝ կիսելու համար մտորումներ եւ խորհրդածութիւններ քաղաքական, մշակոյթի, ընկերային քաղաքացիութեան ոլորտներէն մտածողներու եւ վերլուծաբաններու հետ։

Ժողովին մասնակիցներուն ուղղած ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր մտավախութիւնները յայտնելով Եւրոպայի մէջ աճող ժողովրդապաշտական շարժումներու գծով նշեց, որ Եւորպայի մէջ հետեւելով այդ ալիքներուն, որոշ իտէալներ ՝որոնք կը վերաբերին ընկերութեան մէջ գտնուող տկար անդամներուն կը դրուին երկրորդ մակարդակին վրայ։

Եւրոպան պէտք չէ կորսնցնէ իր համընդհանուր արժէքները։

Ուղերձի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հարց տալով, թէ ուր մնացին Աւետարանի արմատներու հետ կապուած մարդկային եղբայրութեան եւ արժանապատուութեան սկզբունքները նշեց որպէս քրիստոնեաներ, նոր շարժառիթներով ջանք կը թափենք բերելու կաթողիկէ վարդապետութեան հարստութիւնը, իր համընդհանուր պահանջով ու նաեւ Եւրոպական Միութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր, ունի տիեզերական յատկանիշներ։ «Կը մաղթեմ որ անոնք չկորսուին», գրեց Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2024, 11:51