Որոնել

2024.08.31 Capitolo Generale dei Frati Minori Cappuccini

«Խթանեցէք եղբայրութիւնը, եղէք տրամադիր եւ խաղաղութեան գործիչներ. Ֆրանչիսկոս Պապը Քափուչին միաբանութեան անդամներուն

«Ձեր` բոլոր մարդոց կողքին ապրելու կարողութիւնը ձեզ դարձուց մասնագէտ խաղաղութեան գործիչներ, կարող ստեղծելու հանդիպման առիթներ, միջնորդ ըլլալու հակամարտութիւններուն լուծումներ տալու համար, միացնելու մարդիկը ու խթանելու հաշտութեան մշակոյթ մը, նոյնիսկ ամենադժուար իրավճարներուն մէջ» շարունակեց ապա Քահանայապետը նշելով, որ այս շնորհապարգեւին հիմնական պայմանը այն է` «ըլլալ Քրիստոսի մէջ ու մօտիկ բոլորին, յատկապէս աղքատներուն ու յուսահատներուն, առանց բացառելու եւ ոչ մէկը», նման Սուրբ Ֆրանչիսկոսին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 31 օգոստոս 2024-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Քափուչին Միաբանութեան Կրցեր Եղբայրներու Ընդհանուր 86րդ Ժողովին առիթով առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ հիւրընկալեց ժողովին մասնակցողները, որոնք «ժամանած են աշխարհի տարբեր վայրերէն ու մշակոյթներէն...զիրար ունկնդրելու ու խօսելու միակ լեզուով, որ Սուրբ Հոգիին լեզուն է» ըսաւ այս առիթով Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած ճառին սկիզբը, յոյս յայտնելով, որ անոնք այս հաւաքին ընթացքին առիթը ունենան նաեւ հարց տալու թէ ի՞նչ կը պահանջէ անոնցմէ Տէրը, որպէսզի շարունակեն կիրքով հռչակել Աստուծոյ Արքայութիւնը, հետեւելով Ասսիզիի աղքատիկ սուրբին։

Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը ուզեց շեշտը դնել Ֆրանչիսկեան հոգեւորականութեան երեք կէտերու վրայ` եղբայրութիւնը, պատրաստակամութիւնը եւ խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը։

Եղբայրութիւնը

Խօսելով եղբայրութեան մասին Սրբազան Պապը ակնարկեց ժողովի կարգախօսին, որ է «Տէրը ինծի եղբայրներ տուաւ»։

«Այս մէկը կ՛ընդգծէ թէ միսիոներականութիւնը կը ծնի եղբայրութենէն խթանելու համար եղբայրութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով, որ անոր հիմքին մէջ կայ այն համոզումը թէ «Աստուծոյ ծրագրին մէջ ոչ մէկը ինքզինք կարող է նկատել կղզի մը, այլ իւրաքանչիւրը յարաբերութեան մէջ է միւսին հետ, աճելու համար սիրոյ մէջ, դուրս գալով ու իր իւրայատկութիւնը դարձնելով պարգեւ եղբայրներուն համար»։

«Ուստի ձեր հանդիպումներու ընթացքին ձեզ կը հրաւիրեմ հսկելու որպէսզի մարդկային հաշիւները ու տնտեսական եւ այլ միջոցները կիզակէտ չդառնան, թէեւ օգտակար գործիքներ են...կեդրոնը թող ըլլայ մարդ անհատը, եղբայրութիւնը» շեշտեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով զանոնք այդ մէկը ապրելու լիութեամբ ու նաեւ զայն խթանելու կազմաւորական իրենց շրջանակներուն մէջ ու Եկեղեցւոյ ու իրենց առաքելութեան վայրերուն մէջ։

Տրամադիր ըլլալ

Ակնարկելով ապա պատրաստակամութեան մասին Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ինչպէս Քափուչին միաբանութեան անդամները միշտ պատրաստ են երթալու այնտեղ ուր ոչ ոք կ՛ուզէ երթալ եւ այս մէկը կը վկայէ, որ «կեանքին ամենակարեւոր բանը սէրն է, որուն համար կ՛արժէ կեանքը զոհել» ըսաւ Ան։

«Դուք համայն Քրիստոնեայ հասարակութեան համար կը ներկայացնէք նշան մը, որ կոչուած է ըլլալու միսիոներական ու դէպի դուրս, յատկապէս մեր ներկայ ժամանակներուն, որ յատկանշուած է հակամարտութիւններով ու փակումներով, ուր անտարբերութիւնն ու եսասիրութիւնը կը թուան գերակայել, տրամադրուածութեան, յարգանքի ու բաժնեկցութեան վրայ, ծանր հետեւանքներ յառաջացնելով, ինչպիսիք են աղքատներուն չարաշահումը ու շրջակայ միջավայրի աւերածութիւնը» նշեց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները որ փորձեն միշտ ըլլալ «պարզ, ազատ ու տրամադիր», պատրաստ ամէն ինչ լքելու որպէսզի ներկայ ըլլան այնտեղ ուր Տէրը զանոնք կը կոչէ, բաց սրտով ու բազուկներով։

Խաղաղութեան ի սպաս յանձնառում

«Ձեր` բոլոր մարդոց կողքին ապրելու կարողութիւնը ձեզ դարձուց մասնագէտ խաղաղութեան գործիչներ, կարող ստեղծելու հանդիպման առիթներ, միջնորդ ըլլալու հակամարտութիւններուն լուծումներ տալու համար, միացնելու մարդիկը ու խթանելու հաշտութեան մշակոյթ մը, նոյնիսկ ամենադժուար իրավճարներուն մէջ» շարունակեց ապա Քահանայապետը նշելով, որ այս շնորհապարգեւին հիմնական պայմանը այն է` «ըլլալ Քրիստոսի մէջ ու մօտիկ բոլորին, յատկապէս աղքատներուն ու յուսահատներուն, առանց բացառելու եւ ոչ մէկը», նման Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, որ ճանչցուած է որպէս խաղաղութեան մարդ եւ ներումի, սիրոյ ու հաշտութեան խթանողը, ու շատ մը պարագաներու մէջ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ խաղաղութեան գործիք։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը Հրաւիրելով բոլոր ներկաները վստահութեամբ ու յոյսով յարատեւելու իրենց ուղեւորութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Եկեղեցւոյ մէջ կատարած բարիքներուն համար ապա իր օրհնութիւնը շնորհեց համայն Քափուչին միաբանութեան ընտանիքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2024, 10:21