Որոնել

2024.08.07 Delegazione Comunità Afgana in Italia

«Աստուծոյ անունով ատելութիւն թող չի հրահրուի, ճանչնալ բոլորի իրաւունքները». Քահանայապետին հանդիպումը Աֆղանիստանի հասարակութեան անդամներուն հետ

Քահանայապետին մաղթանքը եղաւ կառուցել հասարակութիւններ, որտեղ բոլորը ճանչցուած են որպէս հաւասար իրաւունքներով, և իւրաքանչիւրը կարող է ապրիլ իր սովորոյթներով և մշակոյթով, առանց խտրականութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Անկայունութիւնը, պատերազմական գործողութիւնները՝ իրենց աւերներու եւ մահուան բեռով, ներքին պառակտումներով և որոշ հիմնարար իրաւունքներու ճանաչման խոչընդոտներով, շատերուն դրդած են բռնել, աքսորի ճանապարհը» Խօսքերն են ասոնք, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղեց Իտալիոյ Աֆղանական հասարակութեան ընկերակցութեան անդամներուն, զանոնք ընդունելով Պօղոս Զ անուան սրահի քովնտի մէկ դահլիճին մէջ, չորեքշաբթի 7 օգոստոսի առաւօտեան, նախ քան Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Աֆղանիստանի ողբերգութիւնը

Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնելով անոնց հետ հանդիպելու համար յիշեց վերջին տասնամեակներուն Աֆղանիստանի մէջ ապրուած ողբերգական իրավիճակը, արիւնալի պատերազմները, անկայունութիւնը ու ներքին բաժանումները, որոնք, ըսաւ Ան «արգելք կը հանդիսացան ճանչնալու իւրաքանչիւր անձի հիմնական իրաւունքները»։

Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի հասարակութիւններու միջեւ լարուածութիւն

Ան ապա խօսեցաւ Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի ընկերութիւններուն յատկութիւններու մասին, ուր կ՛ապրին «տարբեր ժողովուրդներ իրենց սեփական մշակոյթով ու աւանդութիւններով» նշելով, որ այս մէկը փոխանակ առիթ ըլլայ նպաստելու իւրաքանչիւր անձի առանձնայատկութիւններն ու իրաւունքները պաշտպանելու, երբեմն պատճառ կը դառնայ խտրականութեան և բացառումներու...ու հալածանքներու»։

Կրօններուն դերակատարութիւնը

Մատնանշելով ապա Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի սահմանային շրջաններուն մէջ լարուած իրականութեան Քահանայապետը ուզեց ընդգծել կրօններու դերակատարութիւնը, որ պէտք է մղուած ըլլայ մեղմացնելու հակառակութիւնները ու կարողանան ստեղծել տարածքներ, ուր ճանչցուած ըլլան բոլորի հաւասար իրաւունքները։ «Թէեւ, ըսաւ Սրբազան Պապը, կրօնները եւս յաճախ կ՛ ենթարկուին շահագործման... ու որոշ դէպքերու պարագային կը դառնան հակամարտութեան և ատելութեան գործօն»։

Կարելի չէ Աստուծոյ անունը շահագործել

«Հետևաբար, կարևոր է, որ իւրաքանչիւրի մօտ ձևաւորուի այն համոզմունքը, որ չէ կարելի Աստուծոյ անունով ուրիշներու հանդէպ արհամարհանք, ատելութիւն և բռնութիւն յառաջացնել» յարեց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները «յարատեւելու իրենց գործունէութեան մէջ, խթանելու համար կրօնական ներդաշնակութիւնը ու աշխատելու` որպէսզի յաղթահարուին կրօններու միջեւ անհասկացողութիւնները, կառուցելու համար, խաղաղութեան եւ վստահելի երկխօսութեան մը ուղեւորութիւնը»։

Վստահելի երկխօսութեան ուղեւորութիւնը

«Ասիկա դիւրին ճանապարհ մը չէ սակայն միակը որ կարելի է եւ զոր պէտք է հետապնդել վճռակամութեամբ ու հետեւողականութեամբ, եթէ իսկապէս փափաքը կայ խթանելու խաղաղութիւնը» հաստատեց Քահանայապետը յիշելով Կեդրոնական Ափրիկէ կատարած իր ճամբորդութեան ընթացքին Իսլամ, Աւետարանական ու Կաթողիկէ համայնքներուն հետ միատեղ հանդիպումը։

Մարդկային Եղբայրութիւնը

Ան ապա ակնարկեց Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին հետ Ապու Տապիի մէջ 4 Փետրուար 2019 ստորագրուած «Համաշխարհային խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան համար Մարդկային Եղբայրութեան» փաստաթուղթը, ուր կը հաստատուի որ կրօնները բռնութեան ի սպաս չեն աշխատիր ու կոչ կ՛ուղղուի չի շահագործելու զանոնք ատելութիւն, բռնութիւն ու ծայրայեղութիւններ տարածելու եւ Աստուծոյ անունը չգործածել արդարացնելու համար մարդասպանութիւններն ու ահաբեկչութիւնները։

Կարեկցութիւնը

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ կարեկցութիւն բառին վրայ իչնպէս նաեւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համագործակցութեան վրայ, ուր կրօնները իրար հետ ապրին եղբայրութիւնը, իւրաքանչիւրը յարգելով միւսին աւանդութիւններն ու հաւատալիքները։

«Թող Ամենակարող և ողորմած Աստուած օգնէ կառավարութիւններուն և ժողովուրդներուն՝ կառուցելու այնպիսի հասարակութիւն, ուր բոլորը ճանաչուած ըլլան որպէս լիիրաւ քաղաքացի՝ հաւասար իրաւունքներով. ուր իւրաքանչիւրը կարող ըլլայ ապրիլ իր սովորոյթներու և մշակոյթի համաձայն՝ բոլորի իրաւունքները հաշուի առնող շրջանակներու մէջ, առանց չարաշահումներու կամ խտրականութեան» եղաւ Նորին Սրբութեան ճառին եզրափակիչ մաղթանքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2024, 10:30