Ֆրանչիսկոս Պապ. Այսօր աշխարհը աւելի քան երբեւէ կարիքը ունի խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ ընդունելութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 20 օգոստոսին կը նշուի 10-րդ տարեդարձը այն նախաձեռնութեան, որ սկիզբ առաւ Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ՝ ապա տարածուեցաւ Իտալիոյ եւ տարբեր երկիրներու 13 քաղաքներու մէջ ներգրաւելով աւելի քան 27 վանքեր եւ եկեղեցիներ։ Սա աղօթքի միջոցառումն մըն է՝ կազմակերպուած վկայութիւններուն փոխանակումով եւ «Կոչ մարդկութեան» տիտղոսակիր օգնութիւն հաւաքով՝ նուիրուած Միջին արեւելքի եւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն։ Այս տարի աղօթքի միջոցառումը տեղի կ՝ունենայ Իտալիոյ Ռիմնի քաղաքին մէջ յառաջիկայ 20 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 8,30ին, նախագահութեամբ, Ռիմինի թեմի եպիսկոպոս գերպ Նիքոլօ Անսէլմիի։
Հալածուած քրիստոնեաներուն նուիրուած միջոցառումին 10-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց, որուն մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով յիշեց «Նազարաթ» անուան յանձնաժողովին հալածուած քրիստոնեաներուն, պատերազմներու մէջ գտնուող բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու նուիրած նախաձեռնութիւններու համար։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ գոհութիւն յայտնեց, Ռիմինի քաղաքի տուած վկայութեան, մօտիկութեան, յատկապէս անարդարութիւններէ, տառապանքներէ, ատելութենէն վիրաւորուած անձերու ցուցաբերած միութեան համար նշելով, որ «Ողջ մարդկութիւնը այսօր՝ առաւել քան երբեւէ կարիքը ունի խաղաղութեան բարի լուրին ու իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կանչուած է այդ աւետիսը հռչակելու ու կիսելու։
Քահանայապետը ապա մաղթեց թէ «բոլոր անոնք, որ կը միանան նախաձեռնութեան շարունակեն զարգացնել յարգանքի մշակոյթը՝ բոլորին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ներառական եղբայրութեան եւ ընդունելութեան մշակոյթը, «Օգնութեան Մայր» Տիրամօր զօրութեամբ։
Անտիոքի Յոյն կաթողիկէներուն ԵուսէՖ Գ Եունան պատրիարքին պատգամը
Հալածուած քրիստոնեաներուն նուիրուած միջոցառումին 10-րդ տարեդարձին առիթով պատգամ մը ուղղեց նաեւ Անտիոքի Յոյն կաթողիկէներու, ԵուսէՖ Գ Եունան պատրիարքը, որուն մէջ իր մօտիկութիւնը յայտնեց Ռիմինի քաղաքին մէջ իրականացուած ծրագիրին որակելով զայն որպէս «Խիզախ հաւաք», քանի որ հրապարակներու մէջ աղօթք կը տարածէ» նշեց Պատրիարքը։
Ան ապա յիշելով տասը տարի առաջ՝ 6էն 7 օգոստոսին, Նինւէ Քաղաքին մէջ կատարած ծայրայեղ մահմետականներու քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքը նշեց, որ «Անտիոքի մէջ իր եկեղեցին շատ կը տառապի։
Եունան Պատրիարքը պատգամին մէջ վերանորոգեց իր կոչը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ մեծ թիւով տարածուած հաւատացեալներուն, որպէսզի հաստատ մնան իրենց հաւատքին եւ յոյսին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ