Ֆրանչիսկոս Պապ. Յոյսի ուղերձ մը Չինացի ժողովուրդին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, Չինաստանի Յիսուսեան միաբանութեան մարզի մամլոյ գրասենեակի նախագահ հայր Փետրօ Քիային հետ ունեցած Հարցազրոյցը, զոր տեղի ունեցաւ Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ, անցեալ 24 մայիսին, Շանկայի մէջ Չեշանի սրբավայրի պաշտպան սուրբ, Քրիստոնեաներուն օգնութեան նուիրուած Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնի օրը, այն սրբավայրը որ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ուզէ այցելել, այս մասին Քահանայապետը յայտնեց հարցազրոյցին ժամանակ։
Հակամարտութիւններն եւ այլ մարտահրաւէրներ
Ինչ կը վերաբերի մինչեւ այսօր իր քահանայապետութեան ժամանակաշրջանին ապրած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն կը յիշէ համաճարակի «ահռելի մարտահրաւէրը» ինչպէս նաեւ պատերազմի «ներկայի մարտահրաւէրը» մասնաւորապէս Ուքրանիոյ, Միանմարի եւ Միջին արեւելքին մէջ։
Անցեալին անձնական ճգնաժամերը
Անձնական գետնի վրայ ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյցին մէջ յիշեց որպէս Յիսուսեան միաբանութեան անդամ իր կրօնական կեանքի ընթացքին ապրած որոշ ճգնաժամեր։ «Ճգնաժամերը կը յաղթահարուին երկու ուղիներով. Անոնք կը քալեն եւ կ՝անցնին, որպէս անել ճամբայ, որմէ կարելի է դուրս գալ գագաթէն, եւ յետոյ երբեք մինակ պէտք չէ դուրս գալ, այլ ուրիշներու օգնութեամբ եւ ուղեկցուած, քանի որ՝ թոյլ տալ քեզի օգնելը շատ կարեւոր է։ «Տիրոջմէ կը խնդրեմ ներումի շնորհքը ու համբերատար ըլլայ իմ հետս» ըսաւ քահանայապետը։
Յառաջ տանիլ ժառանգութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Ասիական երկրին մէջ կը փափաքի հանդիպիլ տեղւոյն եպիսկոպոսներուն հետ եւ «Աստուծոյ ժողովուրդին հետ, որ շատ հաւատարիմ է»։ «Հաւատարիմ ժողովուրդ է» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «անոնք ապրեցան շատ մը բաներ սակայն հաւատարիմ մնացին»։
Իսկ կը վերաբերի Չինացի երիտասարդներուն Ֆրանչիսկոս Պապ կրկնեց յոյսի գաղափարը նկատել տալով որ Չինացի ժողովուրդը «մեծ ժողովուրդ մըն է» ու «պէտք չէ վատնէ իր ժառանգութիւնը, ընդհակառակը պէտք է յառաջ տանի իր համբերութեամբ։
Եկեղեցւոյ երկու պատուհասները՝ Կղերապաշտութիւնն ու աշխարհիկութիւնը
Ինչ կը վերաբերի եկեղեցւոյ ապագային, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց, որ կարգ մը անձերու համար, «եկեղեցի միշտ աւելի փոքրիկ պիտի դառնայ» եւ պէտք է »զգոյշ ըլլայ չ՝իյնալու կղերապաշտութեան եւ աշխարհիկութեան հոգեւորականութեան մէջ։
Ի վերջոյ այն ինչ որ կը հայի Սուրբ Պետրոսին գահի յաջորդին, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց աղօթելու կարեւորութիւնը, քանի «Տէրը աղօթքի մէջ է որ կը խօսի», ըսաւ Սրբազան Հայրը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ