Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն փառաբանութեան աղօթք
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Il Papa al Summer Park di Ostia saluta famiglie e bambini

Քահանայապետը այցելեց Քոյր Ժենևիև Ժանինկրոսը եւ Օսթիայի կրկէսներու հասարակութիւնը

Հանդիպման վայր ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ մեծ ծափողջունեցնելով ապա Քահանայապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց անոնց «ձեր ըրածին համար, որովհետեւ մարդոց ժպիտ կը նուիրէք»։ Ան ապա ողջունեց մանուկներու խումբ մը անոնց հետ զրուցելով զուարճութեամբ եւ հանդիպումը շարունակեց ոչ պաշտօնական զրոյցներով եւ կատակներով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«31 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնելով Վատիկանէն ժամը 15-ին ժամանեց Օսթիա, այցելութիւն տալու համար Յիսուսի փոքր քոյրերու միաբանութենէն` քոյր Ժենևիև Ժանինկրոսին, և Օսթիա Լիտոյի բացօթեայ զանազան խաղերու պարտէզի կրկէսներու հասարակութեան»: Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նշելով նաեւ որ Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց  շրջագայական զուարճութիւններու և կրկէսի պաշտպան Տիրամօր արձանը և ողջունեց այնտեղ ներկայ գտնուող ընտանիքներն ու երեխաները ապա վերադարձ կատարեց Վատիկան ժամը 16,55 ին։

81 տարեկան Քոյր Ժենևիև Ժանինկրոսը եւ իր միաբանակից քոյր Աննա Ամելիան, յիսուն տարիներէ ի վեր կը զբաղի կրկէսներու եւ զուարճանքի խաղերու հասարակութեան անդամներու հովուական ծառայութեամբ, հետեւելով միաբանութեան հիմնադիր` Շարլ Տը Ֆուքոյի պատուէրին որ է «երթալ այն վայրերը ուր Եկեղեցին դժուարութիւն ունին երթալու»։ Եւ ճիշտ Քոյր Ժընըվիեւն է, որ ուզեց կազմակերպել Սրբազան Պապին այս այցելութիւնը, որպէս մօտիկութեան եւ աջակցութեան նշան։ Քոյր Ժընըվիեւը տարիներէ ի վեր, ամէն չորեքշաբթի օր կը մասնակցի հրապարակային ունկնդրութեան իր հետ բերելով թափառաշրջիկներու եւ այլ մոռցուած ու անտեսուած անձերու խումբեր։

Հանդիպման վայր ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ մեծ ծափողջունեցնելով ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին  «ձեր ըրածին համար, որովհետեւ մարդոց ժպիտ կը նուիրէք» ըսաւ Ան, ապա ողջունեց մանուկներու խումբ մը անոնց հետ զրուցելով զուարճութեամբ եւ հանդիպումը շարունակեց ոչ պաշտօնական զրոյցներով եւ կատակներով։

Աւարտին Քահանայապետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ուրախութիւնը տարածելու համար մինչ Քոյր Ժընըվիեւը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց թէ «բոլորն ալ իրենց մօտիկ կը զգան Քահանայապետը եւ բոլորն ալ զայն կը սիրեն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2024, 08:00
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031