Աւետարանով կառուցել նոր մարդկայնութիւն. Քահանայապետը երիտասարդներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մէկէն մինչեւ վեց օգոստոս Մետժուկորէի սրբավայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Երիտասարդներու 35-րդ Փառատօնը, որ կեդրոնացած է Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած «Մարիամ ընտրեց լաւագոյն մասը» խօսքին վրայ, եւ ճիշտ ասկէ մեկնելով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց երիտասարդներուն, անոնց մատուցելով մի քանի թելադրանքներ, որոնք կարող են «օգտակար ըլլալ անոնց հոգեւոր աճումի ուղեւորութեան մէջ»։
Իսկական աշակերտի մը մօտեցումը
Առաջինը «իսկական աշակերտի մը մօտեցումն է», այսինքն ունկնդրել Տիրոջ Խօսքը։ Արդարեւ Մարիամ` Ղազարոսին քոյրը, Տիրոջ մօտ կանգնելով անոր մտիկ ընելու համար ընտրեց «լաւագոյն մասը», նման Նազարէթի Մարիամին, որ ընկալելով Աստուծոյ Խօսքը գիտցաւ ինքզինք դնել Աստուծոյ տրամադրութեան տակ «մինչեւ Խաչին ոտքը», գրեց Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով, որ «Ան եւս ընտրեց լաւագոյն մասը. Յիսուս, Տէրը» եւ «անոր նման դուք եւս կոչուած էք դառնալու Քրիստոսի իսկական աշակերտները»։
Ունկնդրել Աստուծոյ Խօսքը
Սրբազան Պապը հրաւիրեց ապա երիտասարդները խոկալու Աստուծոյ Խօսքի մասին ու թոյլ տալու, որ Ան լուսաւորէ անոնց մտքերն ու սրտերը, որպէս ուղեցոյց մը, բացայայտելու համար այն ինչ, որ Աստուած կը փափաքի իւրաքանչիւրիս համար։
Աւետարանը որպէս կեանքի ուղեցոյց
«Ասոր համար կը քաջալերեմ ձեզ Աւետարանին հետ սերտ կապ մը հաստատելու եւ զայն ձեր հետ պահելու, որպէսզի ուղեցոյցի նման ձեզի ցոյց տայ ճանապարհը» գրեց միշտ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով երիտասարդները զանց չընելու Սուրբ Հաղորդութեան եւ Խոստովանանքի խորհուրդները։
Կեանքով վկայել Աւետարանը
Ան ապա խրախուսեց զանոնք քաջութիւնն ունենալ խօսելու Քրիստոսի մասին, իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ ու զայն հռչակելու նախ եւ առաջ իրենց կենցաղով, առօրեայ կեանքի յանձնառումներուն մէջ, Աւետարանի հետեւողականութեամբ։
«Դառնալ Աւետարանի առաքեալներ եւ նոր մարդկայնութեան մը կառուցողները, այս է այն ինչ, որ կը պահանջէ ձեզմէ Տէրը» գրեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին բոլոր երիտասարդները յանձնելով Յիսուսին Մօր` Մարիամի հովանիին, որպէսզի «իր օրինակով խրախուսէ զանոնք դառնալու աշխարհի մէջ յոյսի, սիրոյ ու խաղաղութեան պատգամաւորներ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ