Որոնել

Պենտեկոստէի կիրակի Պենտեկոստէի կիրակի  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Հոգեւոր երաժշտութիւնը զարդային տարր չէ, այլ ծէսին անհրաժեշտ եւ ամբողջացուցիչ մասն է

Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ, Ազգային ծիսական 74-րդ շաբթուան ուղերձին մէջ Ֆրանչիսոկս Պապ կ՝ընդգծէ խմբերգութեան, հոգեւոր երգեցողութեան եւ լռութեան երեւոյթները, որոնք կը նպաստեն խոր եւ մտերիմ աղօթքին, հեռու աղմուկներէն եւ շատախօսութիւններէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

26էն մինչեւ հինգշաբթի, 29 օգոստոս, Իտալիոյ մէջ կը նշուի Ազգային ծիսական 74-րդ շաբաթը։ Մոտենա թեմի արքեպիսկոպոսարանին մէջ տեղի ունեցող այս տարուան Հանդիսութեան, որպէս կեդրոնական նիւթ կ՝ուսումնասիրուի այն իրողութիւնը, որ արարողութեան մասնակցող մը, որպէսզի զգայ միացած մէկ մարմնի ու աղօթքի զոր կը բարձրանայ մինչեւ Աստուած, որպէս երգչախումբ, զոր կը միաւորէ բոլոր ձայները, կը պահանջէ յատուկ խնամք ու աւելին անիկա արուեստ է։

Պապին պատգամին մէջ կը կարդանք, որ ծիսական աղօթքը, « Հաղորդութեան դպրոց է, որ սիրտը կ՝ազատէ անտարբերութենէն,կը կրճատէ եղբայրներու միջեւ հեռաւորութիւնը եւ կը համապատասխանէ Յիսուսի զգացումներուն։

 Սաղմոսներու կարեւորութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կը կարեւորէ չորս երեւոյթներ՝ ծիսական աղօթքին համար

Առաջին կը վերաբերի «խմբերգութեան», ձայներու հիւսուածք մը, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ փորձարկել ոչ միայն պարզապէս ոգեկոչել, ալ ժամասացութեան արարողութիւններու միջոցաւ ապա կը մաղթէ որ Հասարակութիւնները բարձրացնեն երգչախմբային սաղմոսներու աղօթքը, ծէսին եւ կեանքին մէջ սորվելով միութեան եւ հաղորդութեան արժէքը։

Երկրորդ, ծէսի եւ հոգեւոր երգեցողութեան միջեւ կապը, Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ երաժշտութիւնը զարդային տարր չէ, այլ ծէսին անհրաժեշտ եւ ամբողջացուցիչ մասն է, որ յատուկ խնամքի պահանջ ունի, մասնաւորապէս կիրակնօրեայ ծիսակատարութիւններուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՝անդրադառնայ լռութեան նշելով, որ ծէսը մեզ կը կրթէ լռութեան, լուռ մնալու գործին, որ կը հակազդէ շատախօսութիւններուն, աղմուկներուն որոնք կը խաթարեն մեր առօրեայ կեանքը, ու լռութեան հոգեւոր ժեսթը կը դառնայ բարենպաստ ժամանակ եւ վայր մշակելու համար խոկացող հայեացք ու կու տայ սիրտի աղօթքի խորութիւն։ Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ, ծէսի սպսաւորութեան խթանման կարեւորութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2024, 10:34